Սուրիոյ քաղաքային պաշտպանութեան իշխանութիւնը հաղորդեց, որ Երկուշաբթի օր Հալէպի հիւսիս-արեւելեան գիւղական շրջանի Մընպեճ քաղաքին մէջ ականուած ինքնաշարժի մը պայթումին պատճառով արձանագրուեցան 20 զոհեր (19 կիներ եւ այր մարդ մը) եւ 15 վիրաւորներ:
Հզօր պայթումը պատահեցաւ քաղաքին մերձակայքը` գլխաւոր ճամբու մը վրայ:
Վիրաւորներուն ու զոհերուն մեծամասնութիւնը հողագործներ են, որոնք պայթումի պահուն պատահմամբ շրջանէն կ՛անցնէին:
Մընպեճը կը գտնուի Թուրքիոյ սահմանէն 30 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ եւ Եփրատ գետին արեւմուտքը:
Անցնող 36 օրերուն ընթացքին այս մէկը Մընպեճի մէջ 7րդ ահաբեկչական պայթումն էր:
Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող Ազգային բանակ զինեալ խմբաւորումը անցեալ շաբաթ քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն հետ բախումներէ ետք գրաւած էր քաղաքը: