Արցախի շարժումին 37րդ տարեդարձին առիթով, Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ ձեռնարկ մը, որուն մասնակցեցան այդ շարժումի նախաձեռնող խումբի անդամներ ու գործիչներ:
Մասնակցողները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Արցախի բոլոր պատերազմներուն զոհուած անձերուն յիշատակը:
Արցախի խորհրդարանի նախագահի պաշտօնակատար Գագիկ Բաղունց ողջունեց ներկաները՝ ափսոսալով, որ այսպիսի պատմական օրը անոնք Արցախի մէջ չեն համախմբուած: Ան շեշտեց, որ պէտք է ձեռնարկել ամէն տեսակ քայլերու, որպէսզի արցախահայութեան մէջ անսասան մնայ Արցախ վերադառնալու յոյսը եւ հաւատքը:

Շարժումին մասնակցողները կիսեցին իրենց յիշողութիւնները, վերյիշեցին պատմական իրադարձութիւնները, որոնք ճակատագրական կերպով փոխեցին Արցախի ճակատագիրը: Անոնք բաժնեկցեցան նաեւ մտահոգութիւններ եւ հարցեր, որոնց դէմ յանդիման կանգնած են այսօր արցախցիները: Ներկայացուեցան նաեւ առաջարկներ, որոնք կը բխին արցախցիներուն շահերէն եւ կը ծառայեն անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան: