Ատրպէյճան նոր «մեղադրանք» մը ներկայացուց Պաքուի մէջ անօրինաբար պատանդ պահուող Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի դէմ, յայտնեցին ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Վարդանեան այժմ «կը մեղադրուի նաեւ արտասահմանի մէջ ատրպէյճանցի դիւանագէտներու դէմ «Նեմեսիս-2» ահաբեկչական գործողութեան նախաձեռնելուն մէջ»: Յաջորդ դատական նիստը տեղի պիտի ունենայ 17 Փետրուարին:
Կեղծ դատավարութեան ընթացքին, Վարդանեան յայտարարեց, որ կը հրաժարի ատրպէյճանցի պաշտպանէն, եւ որ իր իրաւունքները պիտի պաշտպանէ միայն պայմանագիրով իր փաստաբան Էպրըհեմ Պըրմըն:
Յիշեցնենք, որ Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչները եւ քաղաքացիները Պաքուի դատարանին մէջ կը մեղադրուին «ահաբեկչութեան», «ռազմական յանցագործութիւններու», «ցեղասպանութեան» եւ այլ «յանցանքներու» մէջ: