Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, Ուրբաթ, 7 Փետրուարին, առաջնորդարանին մէջ հիւրընկալեց բարերար տէր եւ տիկին Արիս եւ Անժէլա Ստամպօլեանները:
Քոսթա Մեսայի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ կից կառուցուած «Արիս Ստամպօլեան» նոր սրահին բացման առիթով, առաջնորդը անգամ մը եւս բարձր գնահատեց Ստամպօլեան ընտանիքը, իր իշխանական բարերարութեան համար, եւ Արիս Ստամպօլեանը արժանացուց առաջնորդարանի նուիրատուներու բարձրագոյն պատիւին (Pillar of the Western Diocese)։
Սրբազանը այս առիթով յայտնեց, թէ Ստամպօլեաններու բարերարութեամբ՝ Քոսթա Մեսայի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ յարակից կեդրոնի բացումը նոր ուժ եւ նոր կեանք պիտի պարգեւէ համայնքի բոլոր զաւակներուն: Ան աղօթեց, որ Աստուած վարձահատոյց ընէ բարերարները, առատօրէն օրհնէ անոնց ընտանիքը եւ կատարեալ առողջութիւն եւ երջանկութիւն պարգեւէ անոնց:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ