
Ընդառաջելով Վատիկանի հրաւէրին, Արամ Ա. վեհափառին օրհնութեամբ, 31 Յունուարէն 8 Փետրուար, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Վատիկանի ծանօթացման 5րդ ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին երեք երիտասարդ հոգեւորականներ՝ «Թռչնոց Բոյն»ի տեսուչ Անդրանիկ վրդ. Քիւրիւմեան, Օրենճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան (Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմ) եւ Նորթ Անտովըրի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ստեփան քհնյ. Պալճեան (Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմ)։ Այս ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութենէն, ինչպէս նաեւ Արեւելեան ուղղափառ իւրաքանչիւր եկեղեցիէ երեք ներկայացուցիչ հոգեւորականներ։
Երիտասարդ հոգեւորականներու Վատիկան այցելութեան գլխաւոր նպատակն էր՝ ծանօթանալ Վատիկանի հովանիին տակ գործող բաժանմունքներուն, համալսարաններուն, թանգարաններուն, մատենադարաններուն ու վանքերուն, որոնց մասին մանրամասն տեղեկութիւններ ստացան տուեալ կառոյցներուն պատասխանատուներուն կողմէ։


Ծրագիրին մէջ յատկանշական էր Ֆրանսիս պապին հետ հանդիպումը։ Այս առիթով, պապը իր արտասանած խօսքին մէջ յատկապէս շեշտեց եկեղեցիներու միութեան անհրաժեշտութիւնը եւ իրարու միջեւ փոխհասկացողութեան, փոխյարաբերութեան եւ գործակցութեան հրամայականը։
Նշենք նաեւ, որ Կիրակի, 2 Փետրուարին, Հռոմի Սուրբ Վլաս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ կիրակնօրեայ Ս․ պատարագը, որուն մասնակցեցան միաբան եւ քահանայ հայրերը։ Ս. պատարագին ընթացքին քարոզեց Գարեգին քհնյ. Պետուրեան։
Ծրագիրին աւարտին, մասնակցող հոգեւորականներուն տրուեցաւ յատուկ վկայագիր մը։

