Ուրուկուէյցի բեմադրիչներ Վալենթինա Քուակլիոթթիի եւ Կասթոն Մարթինեզի «Արմատները Աւազի Մէջ» ժապաւէնը Երեւանի՝ «Կին» 21րդ միջազգային փառատօնին արժանացած էր «Լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէն» մրցանակին։12 Փետրուարին, նշեալ արուեստագէտները հրաւիրուեցան Ուրուակուէյի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը, ուր դեսպանուհի Մարիամ Գէորգեան եւ Երեւանի փառատօնի դատակազմի անդամ «Սինեմաթեք Արմենիա»ի հիմնադիր Ժագ Պօղոսեան մրցանակը անոնց յանձնեցին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.