Փարիզի արուարձան Մոնթրէօյ քաղաքին մէջ այժմ կառուցուող հրապարակը, որ կը գտնուի Պուասիէր-Աքասիա շրջանի եզերքին, Սիմոն-Սինիորէ եւ Փիեռ-Տըժեթեր փողոցներու խաչմերուկին վրայ, պիտի կոչուի Պուասիէրի ամէնէն նշանաւոր լուսանկարիչին՝ Ռոժէ Գասպարեանի անունով։ Այս որոշումը տուած էր քաղաքապետական խորհուրդը 25Սեպտեմբեր 2024ի նիստին ընթացքին։
Փետրուար 2024ին մահացած Ռոժէ Գասպարեան հռչակ ձեռք բերած է 1960ականներուն՝ լուսանկարելով երաժշտութեան, շարժապատկերի աստղերը եւ ճազի մեծագոյն երաժիշտները։ Ան նաեւ եղած է բնակիչներու առօրեայ կեանքին լուսանկարիչը (հարսնիքներու, անձնագիրի նկարներու եւ այլն) Պուասիէր արուեստանոցին մէջ, զոր իր դուստրը՝ Մաշան, վերածած է արուեստանոց-ցուցասրահի մը։