Հարիւր հազարաւորներ Կիրակի օր հաւաքուեցան Պէյրութի «Քամիլ Շամուն» մարզական աւանին մէջ եւ մերձակայքը` մասնակցելու համար «Հըզպալլա»ի նախկին ընդհանուր քարտուղարներ սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի յուղարկաւորութեան:
Յուղարկաւորութեան մասնակցող լիբանանցի անձնաւորութիւններու շարքին էին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ նաեւ կը ներկայացնէր հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունը եւ աշխատանքի նախարար Մոհամետ Հայտար, որ կը ներկայացնէր վարչապետ Նաուաֆ Սալամը:
Յուղարկաւորութեան մասնակցութեան համար Պէյրութ կը գտնուէին նաեւ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ եւ արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղճի` ընկերակցութեամբ բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը, որուն մաս կը կազմէին Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» զօրամասի հրամանատար Իսմայիլ Քաանի:
Յուղարկաւորութեան կը մասնակցէին նաեւ Իրաքէն, Եմէնէն, Աւստրալիայէն, Պրազիլէն, Թուրքիայէն եւ Թունուզէն պատուիրակութիւններ:
«Վերականգնեցինք մեր կազմակերպուածութիւնը, եւ մեր հերոս մարտիկները սահմանին վրայ տոկացին, 75 հազար իսրայէլացի զինուորներ չկրցան Դիմադրութեան հետ ճակատելու համար յառաջ ընթանալ», տեսաուղերձի մը ճամբով արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ ` աւելցնելով, որ ներկայ հոծ բազմութիւնը Պաղեստինի եւ իրաւունքի շուրջ միասնութեան արտայայտութիւն է:
Պէյրութի Մարզական աւանին մէջ տեղի ունեցած յուղարկաւորութեան ընթացքին իսրայէլեան օդանաւեր երկու առիթով ցած բարձրութեան վրայ թռիչքներ կատարեցին Պէյրութի վերեւը:
Միւս կողմէ, Պաղտատի մէջ հազարաւորներ մասնակցեցան Նասրալլայի խորհրդանշական յուղարկաւորութեան: Անոնք Պաղեստինի, Լիբանանի եւ «Հըզպալլա»ի դրօշները բարձրացուցած՝ քայլարշաւ կատարեցին Պաղտատի հիւսիսային շրջանին մէջ գտնուող Քազիմիէի մերձակայքը:
Խորհրդանշական այլ յուղարկաւորութիւններ տեղի ունեցան նաեւ Քարպալայի, Նաժաֆի, Պասրայի եւ Տիուանիէի մէջ: