Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Փեթակ» շաբաթօրեայ դպրոցը Շաբաթ, 15 Փետրուարին, մեծ խանդավառութեամբ տօնեց Տեառնընդառաջի եւ Դրնդէզի տօները:
Աշակերտները, ծնողները եւ դպրոցի աւանդութիւններուն արդէն ծանօթ տասնեակ մը հիւրեր եկեղեցւոյ բակի մէջ հաւաքուեցան՝ ջերմացնող գարունը եւ Յիսուս Քրիստոսի լոյսը դիմաւորելու:
Օրուան յայտագիրը սկսաւ եկեղեցւոյ մէջ: Աշակերտները մոմեր վառեցին, ապա ուսուցչուհի Ազնիւ Սէրայտարեանի պարզ եւ մանուկներուն մատչելի լեզուով լսեցին Տեառնընդառաջի պատմութիւնը: Աշակերտները, որոնք մերթ ընդ մերթ կը դիտէին գունաւոր պատուհաններէն ներս թափանցող լոյսի շողերը, արդէն կը հասկնային եւ իրենց մանկիկ հոգիներուն մէջ կը զգային, թէ ինչպէ՛ս Յիսուսը լոյս կը տարածէր աշխարհին եւ փրկութեան յոյս կ՛ըլլար մարդկութեան:
Ապա սկսաւ յայտագիրի աւանդական եւ աշխարհիկ բաժինը: Դպրոցի լայն բակին մէջ, բոլորը արդէն անհամբեր կը սպասէին կրակին շուրջ իրենց խաղը կատարելու:


Դպրոցի տնօրէն Նորայր Տատուրեան բարի գալուստի խօսք ուղղեց ներկաներուն: Ան բացատրեց, թէ հայկական դպրոցի պաշտօններէն մէկը տոհմիկ աւանդութիւնները վառ պահելն է, ինչպէս՝ Դրնդէզի կրակը: «Մենք կրակը չէ որ կը պաշտենք, այլ՝ մեր անցեալը եւ մեր մշակութային ինքնութիւնը», ըսաւ Տատուրեան, որ նաեւ ներկայացուց Պլեր դպրոցի Հայկական ճեմարանի պարախումբը, որ հիւրաբար եկած էր պարեր ներկայացնելու: Տատուրեան նաեւ մեկնաբանեց այդ պարերէն «Փափուրի»ն՝ ըսելով. ««Փափուրի» պարը մեր հնագոյն պարերէն է: Անիկա չարխափան պար է: Զայն կը պարենք բացասական ուժերը հեռացնելու համար: Պարին յատուկ է ոտքի հարուածները: Գիտենք, թէ չարը երբեմն իր տգեղ գլուխը դուրս կը հանէ իր ստորերկրեայ աշխարհէն եւ կը փորձէ մեր խաղաղ կեանքը խանգարել: Մեր նախնիները դաշտերու մէջ պարած են «Փափուրի»ն, որպէսզի իրենց ոտքի հարուածներով վանեն չարը եւ անիկա վերադառնայ իր մութ վիհերը: Մեր հիները հաւատացած էին նաեւ, թէ կրակին շնորհիւ պիտի երթայ հինը եւ չարը, պիտի գայ նորն ու բարին»:
Ապա, դպրոցի կամաւորուհիներէն Էլէն Վարդանեան բոլորին ցոյց տուաւ պարին շարժումները եւ ամբողջ դպրոցը մեծ շրջանակ մը կազմած՝ կատարեց մեծ «Փափուր»ին:
Հայկական Ճեմարանի պարախումբը Փաթիլ եւ Սինթիա Ալպարեան քոյրերուն ուղեկցութեամբ ներկայացուց ազգային պարեր: Շնորհալի աշակերտներու եռանդուն պարերը արժանացան բոլորին ծափահարութիւններուն եւ ջերմ գնահատանքին:
Ապա եկաւ բոլորին անհամբեր սպասած պահը: Աշակերտները, ծնողները, մեծ հայրերը եւ մեծ մայրերը ձեռք ձեռքի բռնած ցատկեցին կրակին վրայէն: Աւելի համարձակ աշակերտները ցոյց տուին նաեւ կրակին վրայ դարձդարձիկ շարժումներ կատարելու իրենց վարպետութիւնը:
Աշակերտները քաջ ծանօթ էին տօնին խորհուրդին, հնութեան, ինչպէս նաեւ անոր հոգեւոր եւ աշխարհիկ բաղադրիչներուն: Այդ դաստիարակութիւնը դպրոցի ուսուցիչներ Մարալին, Անիին եւ Ազնիւին հայրենախնդիր յատուկ եւ գիտակից աշխատանքին շնորհիւ էր:
«Փեթակ» շաբաթօրեայ դպրոցը հայկական աւանդութիւնները վառ պահելով՝ իր սաները կը ներշնչէ հայկական ինքնութեամբ: Դպրոցը կը հաւատայ, թէ գիր ու գրականութեան կողքին, հայկական հանդէսները տոհմիկ դրոշմ կը ձգեն հոգիներուն մէջ եւ կը կերտեն ազնիւ հայորդիներ: Դպրոցը կը ծառայէ 3-13 տարեկաններուն:
Արձանագրութիւնը միշտ բաց է: Դիմելու համար հեռաձայնել (626) 660-9443 թիւին կամ գրել՝ saturdayschool@stgpas.com հասցէին: