
Հինգշաբթի, 13 Փետրուարի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի նախագահութեամբ, Էնսինոյի. Ս. Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարանի բարձր կարգերու աշակերտները առիթը ունեցան պուլկար վաւերագրող Ցվետանա Փասքալեւայի պատրաստած Soldiers of The Land Արցախի մասին պատմող ժապաւէնը դիտելու եւ զրոյց ունենալու բեմադրիչին հետ:
Հանդիպումին ներկայ էին Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան, Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետուհի Քնար Գորթոշեան եւ Խնամակալ մարմինի գրասենեակէն Թամար Թիւֆէնքեան:


Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց աշակերտուհի Լոռի Կիտցինեան, որ ներկայացուց Փասքալեւայի կենսագրութիւնը եւ վաւերագրական լրագրողի ու ֆիլմ արտադրողի վաստակը: Այնուհետեւ, ականատեսի իր վկայութիւններով հանդէս եկաւ հայասէր լրագրողը եւ Արցախի ու արցախահայութեան՝ 1988էն մինչեւ 1994 տեւած պահանջատիրութեան վեցամեայ պատերազմի օրերը եւ յաղթական աւարտի մանրամասնութիւններուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց՝ աշակերտներուն հետ ունեցած շինիչ զրոյցին ընդմէջէն, որուն ընթացքին հերոսական արցախահայութեան կեանքէն փրցուած կենդանի օրինակներով ան հրահրեց յաղթանակի տարիներու կրակը:
Աշակերտներուն հետ հանդիպում-զրոյցը եզրափակեց առաջնորդը՝ շեշտելով․ «Հայոց պատմութիւնը դէպքերու շարան է, ուր կայ ե՛ւ պարտութիւն, ե՛ւ յաղթանակ, մինչ կարեւորը այն է, որ հայ ժողովուրդը ամուր մնայ իր գոյութենական պայքարին մէջ, չընկրկի, չտկարանայ, այլ միշտ ձգտի յաղթանակի»: Ան ըսաւ, որ ներկայացուած ֆիլմը դասագիրք է ժամանակակից հայոց պատմութեան, հետեւաբար, պէտք է սերունդներու տրամադրութեան յանձնել, այլ ոչ թէ սովորական ֆիլմի մը պէս միայն մէկ անգամ դիտելով բաւարարուիլ: