«Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ՝ Շաբաթ, 1 Մարտին, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ Կոմիտասի ամբողջական գործերուն Ա. հատորին շնորհահանդէսը, հատորին նոր խմբագրութեամբ եւ լրացումներով վերահրատարակութեան առիթով։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան կեդրոնի «Թրբանճեան» սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 543 Arden Ave., Glendale, CA 91203։