Ինչպէս նախապէս տեղեկացուցած էինք՝ 9րդ օր ըլլալով հացադուլ կատարող Ռուբէն Վարդանեան 25 Փետրուարին, շինծու դատավարութեան ընթացքին ուշքը կորսնցուցած էր: Ըստ ատրպէյճանական պետական «Ազերթաճ»ի՝ բժիշկը այցելեց դատարան, սակայն ընդմիջումէն ետք նիստը շարունակուեցաւ:
Ռուբէն Վարդանեանի փաստաբանը՝ Ճերըտ Կենսըր, մտահոգութիւն յայտնեց եւ նշեց, որ քաղաքական բանտարկեալ Ռուբէն Վարդանեանի առողջութիւնը վտանգաւոր վիճակի մը մէջ է։
«Վարդանեանի դատավարութիւնը երէկ շարունակուեցաւ` հակառակ անոր առողջական վիճակի վատթարացման եւ դատավարութիւնը յետաձգելու բազմաթիւ միջնորդութիւններուն: Մասնաւորաբար, Ռուբէնի զարկերակային ճնշումը եղած է վտանգաւոր աստիճանի բարձր, ինչ որ պահանջած է բժշկական օգնութիւն: Անոր զարկերակը բնականէն շատ աւելի բարձր եղած է: Ան հիւծած տեսք ունեցած է եւ քանի մը անգամ ուշքը կորսնցնելու եզրին եղած է», պատմեց Կենսըր` ընդգծելով. «Ռուբէնին պարտադրել մասնակցիլ այս դատավարութեան, երբ անոր առողջութեան եւ ապահովութեան լուրջ վտանգ կը սպառնայ, նուազագոյնը դաժան, անմարդկային եւ արժանապատուութիւնը նուաստացնող վերաբերում է, կամ՝ պատիժ»:
Իր յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուեցաւ Վարդանեանի «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ՝ Կենսըր կոչ կ՛ուղղէ միջազգային բոլոր կազմակերպութիւններուն, որոնք հասանելիութիւն ունին Ատրպէյճանի բանտարկեալներուն՝ թոյլտուութիւն ստանալու դիմում ներկայացնելու` Վարդանեանին այցելելու համար, եւ ան անկախ դատական փորձագէտներէն կը խնդրէ հետեւիլ Վարդանեանի «դատավարութեան»` համոզուելու համար, որ այսուհետեւ եւս լսումներուն ընթացքին անոր իրաւունքները չեն ոտնահարուիր:
«Ես կոչ կ՛ուղղեմ Ատրպէյճանի կառավարութեան` թոյլ տալու մեր միջազգային խումբի բժիշկին այցելելու անոր, անյապաղ կերպով ապահովելու բժշկական անհրաժեշտ օգնութիւնը, ներառեալ անոր առողջական վիճակին հետեւելու դրութիւնը, որուն կարիք ունի ան, ինչպէս նաեւ յետաձգելու դատավարութիւնը մինչեւ հացադուլի դադրեցումը: Ես նաեւ կոչ կ՛ուղղեմ աշխարհի առաջնորդներուն՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, դատապարտելու այս ցուցադրական դատավարութիւնը, զայն որակել իբրեւ քաղաքական եւ անօրէն», կ՛ըսուի Կենսըրի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ:
Ռուբէն Վարդանեան նախորդ շաբաթ ընտանիքին միջոցով փոխանցած էր, որ ծայրայեղ քայլով` հացադուլով բողոք կ՛արտայայտէ Ատրպէյճանի մէջ իրեն դէմ իրականացուող անօրինականութիւններուն եւ ճնշումներուն եւ շինծու դատական նիստին դէմ:
Երբեմն հայ ռազմագերիներուն այցելող Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն (ԿԽՄԿ) չբացայայտեց, թէ այս ամիս, իր հերթական այցելութեան ընթացքին արդեօք Վարդանեան արդէն հացադուլի մէ՞ջ էր: Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի Հայաստանի մէջ գրասենեակի ներկայացուցիչ Զառա Ամատունի միայն հաստատեց, որ Փետրուարին իրենք այցելած են Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ պահուող հայ ռազմագերիներուն:
«Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները Բաքւում Փետրուար ամսին հերթական տեսակցութիւն են կատարել բոլոր հայ պահուող անձանց, որոնց անունները մեր կազմակերպութեանը հաստատել են Ադրբեջանի իշխանութիւնները», «Ազատութեան» փոխանցեց Ամատունի` շարունակելով. «Տեսակցութիւններն անցել են ըստ ԿԽՄԿ ընթացակարգերի, այսինքն` մեր ուշադրութեան կենտրոնում եղել է անձանց առողջական վիճակը, նրանց պահման պայմանները, անձանց հանդէպ վերաբերմունքը: Եւ առանձնազրոյցների ընթացքում, ինչպէս սովորաբար, այնպէս էլ այս անգամ տրուել է հնարաւորութիւն իւրաքանչիւրին` կապ հաստատել հարազատների հետ»:
Ըստ դատական նիստերը լուսաբանող ատրպէյճանական պետական լրատուամիջոցին` Վարդանեան 25 Փետրուարին հրաժարեցաւ ցուցմունք տալէ, չպատասխանեց մեղադրողներուն հարցումներուն, օրինակ` Հայաստանէն Արցախ «անօրէն կերպով մուտք գործելու, ատրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւման մասին»: Ատրպէյճանցի դատախազները հետաքքնած են նաեւ Վարդանեանի կապերը Հայաստանի նախկին նախագահներ Ռոբերտ Քոչարեանի ու Սերժ Սարգսեանի հետ, որոնց անունները եւս շրջանառութեան մէջ դրուած են հայերու դէմ մեղադրանքներուն ընթացքին:
Ըստ Վարդանեանի համախոհներէն «Ապրելու Երկիր» կուսակցութեան համահիմնադիր Մեսրոպ Առաքելեանի` նախկին պետական նախարարին նամակը՝ միջազգային հանրութեան տակաւին արձագանգ չունի:
«Պարոն Վարդանեանի ուղերձն էլ հրապարակային էր: Խնդիրը ոչ թէ վերաբերում է միայն Ռուբէն Վարդանեանին, այլ ակնյայտ է, որ միջազգային նորմերի (չափանիշներու) ակնյայտ խախտումներ են, եւ դա աւելի շատ ոչ թէ կարող ենք համարել խնդրանք կամ բարի կամքի դրսեւորում, դա միջազգային հանրութեան պարտականութիւնն է` միջազգային բոլոր նորմերը պահպանելը», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ընդգծեց Առաքելեան: