
26 Փետրուարին, «Էլիթ Փլազա» առեւտրական կեդրոնի «Մանթաշով» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 35րդ Ընդհանուր ժողովի բացման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան աշխարհի շուրջ 30 երկիրներէ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հրաւիրեալներ Հայաստանի քաղաքական շրջանակներէ:
Ժողովի բացման արարողութիւնը մեկնարկեց Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ ՀՅԴի քայլերգներով:
Իր ելոյթին մէջ, ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ, որ ՀՅԴ 35րդ Ընդհանուր ժողովը կը գումարուի հայութեան եւ հայոց պետականութեան համար բախտորոշ ժամանակահատուածի մը մէջ, երբ հայրենիքը կանգնած է ներքին եւ արտաքին ապահովական լուրջ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման:


«Այսօր մենք ունենք յանձնառութիւն` նոր իրողութիւնների պայմաններում առաջարկել մեր ժողովրդին պայքարի ու վերականգնման նոր տեսլական ու ծրագիր, վերականգնել վստահութեան կամուրջները, յաղթահարել յուսալքութիւնը, դառնալ աւելի ուժեղ, որ կարողանանք դիմագրաւել թշնամուն` պահպանել մեր հայրենիքը: Այսօր մենք խնդիր ունենք դիմագրաւելու նոր թափ առած հակադաշնակցականութեանը, որը արդէն վերածուել է ազգային գաղափարախօսութեան դէմ պայքարի: Ուզում եմ` ճիշդ գնահատենք, ե՛ւ ներքին, ե՛ւ արտաքին ճակատում այսօր պայքար է թէ՛ Դաշնակցութեան դէմ, թէ՛ Դաշնակցութեան համար: Փաստօրէն 135 տարին բաւարար չէր մեր բարեկամներին եւ ախոյեաններին ի ցոյց դնելու մեր հայկականութեան խորքը, ապացուցելու մեր միասնականութիւնը եւ աննահանջ կեցուածքը մեր նպատակներին հասնելու հարցում», ըսաւ Սաղաթէլեան, որ շեշտեց, թէ հայրենիքի պաշտպանութիւնը պէտք է դառնայ մեր գլխաւոր ուղենիշը: «Պայքար բոլոր ճակատներում ու ամէնուր, պայքար հայ ժողովրդի իրաւունքների վերականգնման համար․ սա է այն առաջարկը, որ ՀՅԴն կարող է ներկայացնել իր ժողովրդին, պայքար, որի մէջ պէտք է լինենք ե՛ւ կազմակերպիչը, ե՛ւ զինուորը, ե՛ւ առաջամարտիկը, քանզի հայրենիքի ու Դաշնակցութեան ճակատագիրը միահիւսուած է: Հայաստանի վերակառուցումը, հաշտեցումն ու նորոգումը, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան վերականգնումն այլընտրանք չունի», ըսաւ Սաղաթէլեան եւ շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը քաղաքական կուսակցութիւն ըլլալէ բացի համաշխարհային ազգային ցանց է, պայքարի եւ դիմադրութեան համակարգ, իսկ այսօր այս կարողականութիւնը ամբողջական դարձնելու հարց ունինք: «Դաշնակցութեանը ազգային, պետականամէտ, արժանապատուութիւն ունեցող բոլոր ուժերի եւ անհատների ընկերն ու վահանն է: Հէնց այս պատկերացումները պէտք է առաջնորդեն մեզ մեր առաջիկայ քննարկումներում», եզրափակեց Սաղաթէլեան:
Տէրունական աղօթքը կարդաց Նաթան արք. Յովհաննիսեան, որ, դիմելով ներկաներուն՝ ըսաւ. «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնից իր օրհնութիւնն է յղում վեհափառ հայրապետը` յոյսով ու հաւատքով, որ այս հաւաքն իր ներդրումը կ՛ունենայ մեր հայրենական կեանքում»:
Ըստ անոր` եթէ մենք այսօր զիջեցանք մեր պատմութիւնը, պիտի զրկուինք նաեւ վաղուան պատմութենէն:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի ուղերձը ընթերցեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քուէյթի եւ յարակից շրջաններու թեմի հոգեւոր առաջնորդ եւ կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Մեսրոպ արք. Սարգիսեան:
«Կը գտնուինք անդունդի եզրին: Համապատասխան դիրքորոշումներ պէտք է որդեգրենք` հեռու ամէն տեսակ անիրատեսական մօտեցումներէ ու մակերեսային դատողութիւններէ: Եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ, կրաւորական ու հետեւողի դերին մէջ գտնուիլ, երբ մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքները կը նահանջեն, երբ ներքին ճեղքերը կը խախտեն մեր ազգի միասնակութիւնը, երբ ժամանակաւոր ու խաբուսիկ խաղաղութեան դիմաց զիջման քաղաքականութիւնը կը վտանգէ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը», կ՛ըսուի Արամ Ա. կաթողիկոսին ուղերձին մէջ:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ ՀՅԴ 35րդ Ընդհանուր ժողովը Հայաստանի մէջ կը գումարուի տագնապահար հայութեան եւ վտանգուած հայրենիքի բախտորոշ օրերուն՝ լուսարձակի տակ առնելով արտաքին եւ ներքին ճակատի վրայ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները։






«Վերջին երեսնամեակի յաղթական Հայաստանը այսօր աշխարհին կը ներկայանայ որպէս պարտուած ու իր ազգային էութենէն դատարկուած պետութիւն, որուն իշխանութիւնները պատրաստ են թշնամիին շնորհելու շարունակական միակողմանի զիջումներ: Արցախը, որ պաշտպանողական դարպասն էր նոյնինքն Հայաստանի Հանրապետութեան, այսօր իր բնիկ ժողովուրդէն դատարկուած՝ զրկուած է պաշտպանելէ մայր հայրենիքի սահմանները, որոնք յարձակումի եւ բռնաբարումի կ՛ենթարկուին թուրք-ազերիական ուժերու կողմէ: Այսօր, հզօր ու ինքնավստահ հայրենիքի փոխարէն, ՀՀ իշխանութիւնները հայ ժողովուրդին կը մատուցանեն գոյութենական սպառնալիքի ենթակայ Հայաստան մը, որուն անկախութեան հռչակագիրն ու սահմանադրութիւնը թշնամիին պահանջով թուլամորթաբար փոփոխութեան ենթարկելու աշխատանքին լծուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ վարչակարգի ղեկավարը», ըսաւ Տէր Խաչատուրեան՝ շեշտելով, որ փոխանակ համահայկական կարողականութիւնը համախմբելու այս ճգնաժամային օրերուն, Հայաստանի ներկայ վարչակարգը տակաւին պառակտում կը սերմանէ, հայութեան համահայկական իրաւունքներէ նոր զիջումներ կը կատարէ եւ ապազգային վարքագիծը կը շարունակէ։
Տէր Խաչատուրեան շեշտեց, որ ՀՅԴն կը մերժէ որեւէ յուսահատութիւն եւ յանձնուողական տրամադրութիւն, որովհետեւ կը հաւատայ, որ հայութիւնը իր մէջ ունի ուժականութիւնը պարտութիւններէ յաղթանակ կերտելու եւ իր ազգային արժանապատուութիւնը վերականգնելու:
«Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, իբրեւ համահայկական ընդգրկում եւ փորձառութիւն ունեցող կազմակերպութիւն՝ ՀՅԴն կանգնած է ներկազմակերպական ամբողջական զօրաշարժի ու արտակարգ պայմաններու մէջ գործելու անհրաժեշտութեան առջեւ։ ՀՅԴն իր առաքելութեան հաւատարիմ՝ պարտաւոր է առաւելագոյն ջանք գործադրելու ճգնաժամը կասեցնելու համար», շեշտեց Տէր Խաչատուրեան։
Ան թուարկեց Դաշնակցութեան ռազմավարական նպատակներէն բխող այս փուլին Հայաստանին, Արցախին եւ Սփիւռքին վերաբերող հիմնական առաջնահերթութիւնները։
Տէր Խաչատուրեան հաստատեց, որ, հակառակ ներքին եւ արտաքին դաւադիր ծրագիրներուն հայութեան արժանապատուութեան եւ լինելիութեան պայքարը պէտք է անխափան շարունակուի: «Արդարութեան, արժանապատուութեան եւ հաւասարութեան արժեհամակարգերու վրայ հիմնուած մրցունակ, նոր որակի ազգային պետութեան կառուցումը պէտք է հռչակուի ազգային ռազմավարական նպատակ», ըսաւ Տէր Խաչատուրեան՝ աւելցնելով, որ Դաշնակցութեան համար անկախ պետականութիւնը բացարձակ արժէք է, սեփական հայրենիքի մէջ հայորդիներու ազատ ապրելու եւ ստեղծագործելու հնարաւորութեան ստեղծումը՝ անխախտելի իրաւունք: Իսկ աշխարհասփիւռ հայութիւնը՝ հայրենիքով տոգորուած մէկ ազգ եւ մէկ դատ հետապնդող անքակտելի ու անսակարկելի հաւաքականութիւն է:
Իր խօսքը եզրափակելով՝ Տէր Խաչատուրեան կոչ ուղղեց ազգային ուղղուածութիւն ունեցող ուժերուն՝ միաւորելու իրենց ջանքերը՝ Հայաստանի ապազգային իշխանութիւնները հեռացնելու, հայ ժողովուրդին եւ մեր պետականութեան սպառնացող վտանգները չէզոքացնելու, նոր որակի ազգային իշխանութիւն ձեւաւորելու եւ համահայկական կարողականութեամբ արժանապատիւ, կայուն եւ ուժեղ Հայաստան մը կերտելու համար:
Ընդհանուր ժողովը, որ ՀՅԴ համազգային կառոյցի բարձրագոյն ժողովն է, կը գումարուի 4 տարին անգամ մը: ՀՅԴ 35րդ Ընդհանուր ժողովը պիտի տեւէ մինչեւ 6 Մարտ։
ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՇԽԱՏԱՆՔ ԿԸ ՏԱՆԻ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԱՆՕՐԻՆԱԲԱՐ ԳՏՆՈՒՈՂ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՄԱՆ ԳԾՈՎ
Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովին ընդառաջ, «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հաստատեց, որ արցախցիները միջազգային երաշխիքներով պէտք է վերադառնան իրենց հայրենիքը, իսկ Արցախին միջանկեալ կարգավիճակ պէտք է շնորհուի։ Ան ընդգծեց, որ այժմ Դաշնակցութեան կառոյցները լոպիական աշխատանքներ կը տանին այդ ուղղութեամբ, տեղի կ՛ունենան բարձրագոյն մակարդակով խորհրդակցութիւններ, օրինակ` Ֆրանսայի պարագային ուղղակի նախագահական պալատին հետ, Ամերիկայի պարագային՝ նոր վարչակարգին հետ։
Ան հիմնական խոչընդոտ նկատեց այն, որ Հայաստանի իշխանութիւնը չի բարձրացներ այդ հարցը: «Անշուշտ, որ այդ կեցուածքը կը դժուարացնէ: Մենք միշտ առաջարկած ենք այդ մէկը, բայց դժբախտաբար` երբեմն խուլ եւ համր կը ձեւանան այդ ուղղութեամբ», ըսաւ Տէր Խաչատուրեան:
Նախընտրական շրջանին թեկնածու Տանըլտ Թրամփ անդրադարձած էր արցախահայերու ցեղային զտման՝ օգտագործելով Արցախ բառը: Ան քննադատած էր իր մրցակիցը` Քամալա Հերիսը՝ ըսելով, որ վերջինս «ոչինչ ըրաւ, երբ 120 հազար հայ քրիստոնեաներ դաժանօրէն հալածուեցան եւ բռնի տեղահանուեցան Արցախէն»: Թրամփ նոյն ատեն խոստացած էր «պաշտպանել հալածուած քրիստոնեաները, դադրեցնել բռնութիւնը եւ ցեղային զտումները, խաղաղութիւն հաստատել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ»:
«Նաեւ գերիներու հարցով իրեն յատուկ խնդրանք ներկայացուցած են, որ ճնշում բանեցուի Ատրպէյճանի վրայ, որպէսզի ազատ արձակէ ռազմաքաղաքական գերիները», ՀՅ Դաշնակցութիւնը նախընտրական շրջանին Թրամփին դիմած էր նաեւ այս հարցով։
Ըստ Տէր Խաչատուրեանի՝ նախընտրական շրջանին, Թրամփ աւելի շատ խոստումներ տուաւ, քան անոր դեմոկրատ մրցակիցը: «Թրամփ քիչ մը աւելին խոստացաւ` ի զարմանս մեզ, որովհետեւ հայկական հարցերով այդքան ալ մտահոգուած չէր իր առաջին շրջանին, բայց այս անգամ բաւական լրջօրէն հայկական այսպէս կոչուած թղթածրարը ուսումնասիրած էր` իր շրջապատին հետ մեր տարած աշխատանքէն ետք»:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ ընտրութիւններէն ետք որոշ ազդակներ ստացա՞ծ են Թրամփի վարչակազմէն՝ Տէր Խաչատուրեան պատասխանեց՝ ըսելով. «Այո՛, ստացած ենք եւ ուրախ ենք ըսելու, որ կան երեք անձեր, որոնք բարձրագոյն պաշտօններու վրայ են` Մարքօ Ռուպիէ, Թալսի Կեպպըրտ, ինչպէս նաեւ Ռապըրթ Քենետի, որոնք ոչ միայն ծանօթ են հայութեան, այլեւ անոնց մէկ մասը այցելած է Արցախ: Այդ իմաստով կան նախանշաններ, բայց շատ կանուխ է, որ հարիւր օրուան մէջ նախագահը Հայաստանի առաջնահերթութիւնը բարձրացնէ իր առաջին դասին մէջ, այդպէս չէ: Բայց վստահ եղէք, որ աշխատանքը պիտի շարունակուի, եւ ամէն գնով այդ ճնշումները պիտի բանեցնենք», ըսաւ Տէր Խաչատուրեան, որ շեշտեց, թէ համաշխարհային մակարդակով արցախցիներու հաւաքական վերադարձի հարցը բարձրացնելուն զուգահեռ պէտք է ամէն ինչ ընել, պայմաններ ստեղծելու, որպէսզի արցախահայերը համախմբուած ապրին Հայաստանի մէջ եւ չարտագաղթեն:
ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան «Ազատութեան» հետ զրոյցին ընթացքին, անդրադառնալով նոյն օրը ընթացք առած Դաշնակցութեան 35րդ Ընդհանուր ժողովին՝ նշեց, որ քննարկման առանցք կը հանդիսանան երեք հարցեր՝ Հայաստանի պաշտպանութիւնը, արցախցիներու վերադարձը եւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան վերականգնումը: Իշխանափոխութեան հարցը նոյնպէս առաջնային է, շեշտեց ան՝ ըսելով «ապազգային իշխանութեան հետ Հայաստանի համար որեւէ դրական հարց լուծել հնարաւոր չէ»:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ Դաշնակցութիւնը ի՞նչ պատկերացում ունի՝ դաշինքո՞վ մասնակցիլ ընտրութիւններուն, թէ առանձին, Սաղաթէլեան ըսաւ. «Շատ, շատ վաղ է դրա մասին խօսելու, մենք ընդհանրապէս այդ ուղղութեամբ դեռ քննարկում չենք ունեցել; Մինչեւ 26 թիւը, ես կարծում եմ, բաւականին բան է փոխուելու: Կը գա՞յ 26 թիւը, կը լինի՞ ընտրութիւններ` այն ժամանակ կը քննարկենք ստեղծուած իրավիճակը, պայմանները, հնարաւորութիւնները եւ համապատասխան որոշում կը կայացնենք»:
Պատասխանելով երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի հետ համագործակցութեան շարունակութեան կարելիութեան մասին հարցումին՝ Սաղաթէլեան ըսաւ. «Այդ հարցերը որոշում են կուսակցութեան բարձրագոյն ժողովները, այլ ոչ թէ Իշխան Սաղաթելեանը կամ որեւէ մէկը: Նախորդ որոշումը կայացրել է ՀՅ Դաշնակցութեան Գերագոյն ժողովը, եւ յաջորդ համագործակցութեան կամ ցանկացած այլ որոշում կը կայացնի Դաշնակցութեան ժողովը: Դաշնակցութիւնը մէկ մարդու կազմակերպութիւն չի»: