Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ աշխոյժ քաղաքական երկխօսութեան եւ փոխգործակցութեան հարցերը 26 Փետրուարին քննարկումի նիւթ եղան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի Արարատ Միրզոյեանի ու Եւրոպական Միութեան բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալասի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին:
Միրզոյեան եւ Քալաս անդրադարձան նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան խորացման վերաբերող ընթացիկ եւ հետագայ ծրագիրներուն:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Միրզոյեան կարեւոր նկատեց ներկայ գործիքակազմի կիրարկման միջոցով շարունակական գործնական ձեռքբերումներու ապահովութեան վերաբերող միացեալ ջանքերը:
Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն նոր օրակարգին շուրջ բանակցութիւնները գրեթէ հասած են աւարտին, 25 Փետրուարին յայտարարեց արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեան՝ դիտել տալով, որ Երեւան եւ Պրիւքսէլ գործընկերութեան նոր փաստաթուղթի մը շուրջ կ՛աշխատին: Սակայն, Յովհաննիսեան չբացայայտեց, թէ նոր փաստաթուղթին մէջ ճիշդ ի՛նչ առաջնահերթութիւններ պիտի ըլլան. Ան միայն ըսաւ, որ նոր փաստաթուղթը առաւել պիտի խորացնէ Պրիւքսէլի ու Երեւանի յարաբերութիւնները: