
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարութեան մը միջոցով փոխանցեց 2025-2027ի իր 9 հոգինոց վարչութեան նոր կազմի անունները։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութիւնը պիտի շարունակէ ջատագովել ամերիկահայութեան, Հայաստանի եւ Արցախի իրաւունքները։
Վարչութիւնը, որուն յանձնարարուած է սահմանել Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայութեան շահերու պաշտպանութեան գլխաւոր եւ ազդեցիկ կազմակերպութեան քաղաքականութիւնը, ընթացակարգերը եւ նպատակները, բաղկացած է հետեւեալներէն՝ Օշին Յարութիւնեան (ատենապետ), Վաչէ Տէրտէրեան (գանձապահ), Անդրանիկ Գիզիրեան (ատենադպիր), իրաւաբան դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան, իրաւաբան Լենա Վ. Յովհաննէսեան, Արամ Սարգիսեան, Մեթ Սենեքերիմեան, Ասթին Սիւլէյմանեան եւ իրաւաբան Լարա Երէցեան։
Հայ Դատի յանձնախումբը այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնէ ընթացաւարտ վարչութենէն Այգ Տիքիճեանին, Անահիտ Օշականին եւ Արփի Ճիւալակեանին, որոնք իրենց նուիրեալ սպասարկութիւններով նպաստեցին Հայ Դատի աշխատանքներուն։