Քրտական «Ռուտաու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Քիւրտիստանի Բանուորական կուսակցութեան Գործադիր կոմիտէն շաբաթավերջին, հաղորդագրութեան մը միջոցով յայտարարեց հետեւեալը. «Կուսակցութեան ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի 27 Փետրուար թուակիր եւ «Խաղաղութեան եւ ժողովրդավարական հասարակութիւն» խորագիրը ունեցող հաղորդագրութիւնը, ազատութեան ու ժողովրդավարութեան բոլոր ուժերուն ճամբան կը լուսաւորէ»:
Յիշեցնենք, որ Օճալան կուսակցութեան կոչ ուղղած էր՝ զէնքերը վար դնելու եւ ինքնալուծարման սկսելու:
«Յստակ է, որ նշեալ կոչին զուգահեռ, Քիւրտիստանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ պատմական նոր հոլովոյթ մը սկսած է եւ անիկա մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենայ աշխարհի բոլոր մասերուն մէջ ժողովրդավարական կառավարումին եւ ազատ կեանքին վրայ։ Անկասկած, որ այս կոչը շատ կարեւոր էր եւ այժմ անոր բովանդակութեան յաջող կերպով գործադրութիւնը եւս շատ կարեւոր է։ Մենք համաձայն ենք նշեալ կոչին եւ կը յայտարարենք, որ պիտի յարգենք կոչին պահանջները եւ մեր կողմէ զայն գործադրենք: Սակայն, պէտք է յաջողութիւնը երաշխաւորելու համար երաշխաւորել քաղաքական ժողովրդավարական պայմաններու եւ իրաւական ենթահողի իրագործումը: Այսօրուընէ սկսեալ զինադադար, Օճալանի «Խաղաղութեան եւ ժողովրդավարական հասարակութեան» կոչին իրագործման իբրեւ ազդանշան, եւ մեր ուժերը որեւէ զինեալ գործողութիւն պիտի չկատարեն, եթէ մեր վրայ յարձակումներ չգործուին», կ՛ըսուի նոյն հաղորդագրութեան մէջ:
Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան խոստացաւ Քիւրտիստանի Բանուորական կուսակցութեան դէմ զինուորական գործողութիւնները շարունակել, «մինչեւ վերջին ահաբեկիչը ոչնչացնենք»: