Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի 28 Փետրուարի երեկոյեան այցելեց Սպիտակ տուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ: Կը նախատեսուէր նաեւ հանդիպումին աւարտին յարգի մետաղներու շուրջ համաձայնութեան մը կնքել: Սակայն, լրատուամիջոցներուն առջեւ Թրամփի եւ փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վենսի եւ Զելենսքիի միջեւ բուռն վէճ մը տեղի ունեցաւ:
Թրամփ եւ Վենս նշեցին, որ « Զելենսքի տագնապին լուծման համար որեւէ խաղաքարտ չունի»` մաղթելով, որ «երախտապարտ ըլլայ Միացեալ Նահանգներուն»:
Ուքրանիոյ նախագահը վէճէն ետք Սպիտակ տունէն կանուխ հեռացաւ:
«Ուքրանիա արդար ու տեւական խաղաղութեան կարիքը ունի, եւ ճիշդ այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատինք: Շնորհակալութիւն Միացեալ Նահանգներուն՝ իր աջակցութեան համար, եւ շնորհակալութիւն այս այցելութեան համար, շնորհակալութիւն Թրամփին, Քոնկրեսին եւ ամերիկացի ժողովուրդին», Սպիտակ տունէն հեռանալու ընթացքին ըսաւ Զելենսքի:
Ան Շաբաթ օր Լոնտոն հասնելով՝ յայտնեց, որ Թրամփի աջակցութիւնը Ուքրանիոյ համար «կենսական» է` աւելցնելով, որ տակաւին պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու հետ յարգի մետաղներու համաձայնութիւնը կնքելու:
Եւրոպացի պաշտօնատար մը «Պլումպըրկ»ին յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմը մասնաւոր կերպով հասկցուցած է, որ կ՛ուզէ Ուքրանիոյ նախագահէն հրապարակային ներողութիւն ստանալ` յարաբերութիւնները բարելաւելու համար:
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լէյեն դիմեց Զելենսքիին՝ ըսելով. «Դուն երբեք առանձին չես, եւ պիտի շարունակենք ձեզի հետ աշխատիլ արդար եւ տեւական խաղաղութեան համար: Այսօր արժանապատուութիւնդ կը պատուէ ուքրանացի ժողովուրդի քաջութիւնը. ուժեղ եւ քաջ եղի՛ր»:
«Ուքրանիա Եւրոպա է. մենք Ուքրանիոյ կողքին կը կանգնինք: Պիտի ամրապնդենք մեր աջակցութիւնը Ուքրանիոյ, որպէսզի կարենայ շարունակել դէմ դնել ներխուժողին», յայտնեց Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս՝ աւելցնելով. «Յստակ դարձաւ, որ ազատ աշխարհը նոր ղեկավարի կարիքը ունի: Մեզի` եւրոպացիներուս կը մնայ այդ մարտահրաւէրը դիմակայել»:
Էլիզէի պալատը յայտարարեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Սպիտակ տան մէջ, բանավէճէն ետք հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Զելենսքիի հետ:
Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտօ նշեց, որ Ռուսիա անօրինական կերպով ներխուժած է Ուքրանիա, եւ արդէն երեք տարիներէ ի վեր ուքրանացիները կը պայքարին խիզախութեամբ եւ տոկունութեամբ:
«Յանուն ժողովրդավարութեան, ազատութեան եւ գերիշխանութեան՝ անոնց պայքարը այս պայքարն է, որ կարեւոր է բոլորիս համար: Գանատա պիտի շարունակէ աջակցիլ Ուքրանիոյ եւ ուքրանացիներուն` արդար եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար», գրած է Թրուտօ:
Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր Լոնտոնի մէջ Զելենսքիի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց հետեւեալը. «Դուք ունիք Բրիտանիոյ ամբողջական աջակցութիւնը: Չեմ կարծեր Զելենսքի որեւէ սխալ գործեց»:
Բրիտանիոյ վարչապետարանը յայտարարեց, որ Սթարմըր Շաբաթ գիշեր Լոնտոնի մէջ Զելենսքիի հետ իր ժողովէն ետք դարձեալ հեռաձայնեց Թրամփին, առանց այլ մանրամասնութիւններ տալու:
Նշենք, որ Զելենսքի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Չարլզ թագաւորին հետ։