
ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր անդամներ` առաջնորդութեամբ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի, հանդիպումներ ունեցան Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին եւ Արցախի նախագահին հետ։
8 Մարտին, կաթողիկոսին հետ հանդիպումին ընթացքին, կուսակցութեան ներկայացուցիչները վեհափառին համապարփակ տեղեկութիւններ տուին ՀՅԴ 35րդ Ընդհանուր ժողովի աշխատանքներուն մասին:
Կաթողիկոսը շնորհաւորեց Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչը եւ անդամները` կարեւոր նկատելով համազգային ներուժի ծառայեցումը յանուն հայրենիքի զօրացման, ազգի արժանապատիւ եւ լուսաւոր գալիքի կերտման:
Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներուն, ապահովական սպառնալիքներուն եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան վերաբերող հարցեր, ներկայ հարցերու դիմագրաւելուն մէջ գործին մէջ ընդգծուեցաւ ազգային միասնութեան եւ համախմբման անհրաժեշտութիւնը:
10 Մարտին, ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր անդամներ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկեցին բռնի տեղահանուած Արցախի ժողովուրդին հիմնահարցերը եւ անոնց լուծման հնարաւոր տարբերակները` յատկապէս պատմական հայրենիք վերադարձի ուղղութեամբ կատարուող քայլերը:
Կարեւոր նկատուեցաւ Հայաստանի մէջ արցախցիներու արժանապատիւ ապրելու պայմաններու ստեղծումը` թէ՛ իրաւական եւ թէ ընկերային-հոգեբանական ոլորտներուն մէջ:
Զրուցակիցները ընդգծեցին Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ վերականգնման մէջ Արցախի Հանրապետութեան պետական կառոյցներու գոյութեան եւ գործունէութեան կարեւորութիւնը: