Հայաստան եւ Ատրպէյճան զանազան մակարդակներու յայտարարութիւններով հակասական դիրքորոշումներ արտայայտեցին։ Արդարեւ, մինչ Երեւանէն հնչեցին խաղաղասիրական դրսեւորումներ, Պաքու շարունակեց Հայաստանին պահանջներ ներկայացնել եւ սպառնալիքներ ուղղել ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 19 Մարտին յայտարարեց, որ պատերազմի տրամադրութիւն չկայ: «Հայաստանը գնում է խաղաղութեան եւ ոչ թէ պատերազմի: Իմ յանձնարարականը ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան յստակ է: Հրադադարի ռեժիմի (դրութեան) ոչ մի խախտում չանել»:
Փաշինեան նաեւ «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծը համաձայնեցուած է եւ կը սպասէ ստորագրութեան: «Ես պատրաստ եմ իմ ստորագրութիւնը դնել այդ փաստաթղթի ներքոյ», ըսաւ Փաշինեան։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան, արձագանգելով Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէի յայտարարութիւններուն՝ յայտնեց. «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնն ամենաբարձր մակարդակով յայտարարել է, որ իրադրութիւնն էսկալացնելու (մագլցումի տանելու) խնդիր եւ նպատակ չունի եւ շարունակում է գործել խաղաղութեան օրակարգի սկզբունքներով: ՀՀ բանակը կառավարութեանը ենթակայ մարմին է եւ գործում է հէնց այս տրամաբանութեամբ»:
Նշենք, որ Հաճիզատէ ըսած էր հետեւեալը. «Մենք կտրականապէս կը մերժենք Հայաստանի վարչապետին 18 Մարտ 2025ի յայտարարութիւնը, որ Ատրպէյճանի դէմ բոլորովին անհիմն պնդումներուն հետ միասին կը խեղաթիւրէ իրողութիւնները եւ սահմանամերձ շրջաններու գնդակոծման փաստերը»:
Բադալեան յիշեցուց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը` հետաքննելու հրադադարի դրութեան խախտումներուն մասին Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնները հիմնաւորող փաստերը` զանոնք Հայաստանին փոխանցելու պարագային, ինչպէս նաեւ հրադադարի դրութեան խախտման դէպքերու եւ/կամ այդպիսի տեղեկութիւններու հետաքննութեան միացեալ գործիքակազմ մը յառաջացնելու՝ Երեւանի առաջարկը՝ դիտել տալով, որ ցարդ Պաքուէն փաստացի տուեալ չէ փոխանցուած Երեւանին, իսկ Ատրպէյճան չէ արձագանգած հետաքննութեան միացեալ գործիքակազմ մը յառաջացնելու առաջարկին:
Հաճիզատէ Հայաստանը մեղադրեց նաեւ բարդ եւ գործնականին մէջ անիրագործելի նախաձեռնութիւններ յառաջ մղելու մէջ:
Բադալեան դիտել տուաւ, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պաշտօնապէս յայտարարած են խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծին շուրջ բանակցութիւններու աւարտին մասին եւ «տրամաբանօրէն, համաձայնեցուած փաստաթուղթը պէտք է ստորագրուի, եւ Հայաստանն առաջարկում է սկսել խորհրդակցութիւնները դրա ստորագրման տեղի եւ ժամկէտների մասին»: «Ակնյայտ է, որ առաջարկուող գործընթացը ո՛չ բարդ է, ո՛չ էլ անիրագործելի», շեշտեց Բադալեան:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճան օրական դրութեամբ կը յայտարարէ, որ «Հայաստանի բանակը կրակ բացած է Ատրպէյճանի բանակի դիրքերուն ուղղութեամբ», իսկ Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ նոր սպառնալիքներ կ՛ուղղեն Հայաստանին։ Արդարեւ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ դիտել տուաւ, որ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը տարիներով կ՛աջակցէր Հայաստանին: «ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը տարիներով կը փորձէր Պաքուն համոզել համակերպելու տարածքներու կորուստին հետ եւ կ՛աջակցէր Հայաստանին», ըսաւ Ալիեւ։
Նոյնիսկ խաղաղութեան պայմանագիրի բնագիրի համաձայնեցումէն ետք, Պաքու կը պնդէ, որ փաստաթուղթը պիտի չստորագրէ, այնքան ատեն որ ԵԱՀԿի Մինսքի եռանախագահութիւնը չէ լուծարուած:
«Երեքն ալ միաւորուած էին մէկ նպատակի շուրջ: Ընդ որում, այդ երկիրներուն միջեւ ներկայիս յարաբերութիւնները ցոյց կու տան, որ անիկա հազուադէպ երեւոյթ էր: Այսինքն՝ ինչ կը նշանակէ ասիկա: Երեքն ալ կանգնած էին Հայաստանի կողքին, երեքն ալ տարբեր ուղիներով կ՛աջակցէին Հայաստանին` մէկը զէնք կու տար, միւսը` քաղաքական աջակցութիւն, երրորդը` տնտեսական առաւելութիւններ», յայտնեց Ալիեւ, որ կը պնդէ, թէ ի՛նք առաջարկած է Հայաստանին խաղաղութիւն կնքել, 18 Մարտին իր ելոյթին մէջ հայերը դարձեալ թշնամի որակեց, քանի մը անգամ փառաբանեց Ղարաբաղեան պատերազմը եւ առանց ծածկելու իր հպարտութիւնը՝ պնդեց, որ «Ատրպէյճանէն բացի որեւէ այլ երկիր Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր չէր յաջողած ամբողջական յաղթանակի հասնիլ թշնամիին նկատմամբ», աւելցնելով, որ ոչ ալ պիտի կարենայ։
Ալիեւ դարձեալ յիշեց` այն մարդը, որ ժամանակին կ՛ըսէր «Ղարաբաղը Հայաստան է», այսօր կ՛ըսէ՝ «Ղարաբաղը Ատրպէյճան է», ակնյայտօրէն նկատի ունենալով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որ նախ յայտարարած էր, թէ՝ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ», ապա Արցախը ճանչցաւ իբրեւ Ատրպէյճանի տարածք:
Արցախի Մարտակերտի շրջանին մէջ Իլհամ Ալիեւ նաեւ անդրադարձաւ Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող արցախցի պաշտօնատարներուն եւ ըսաւ. «Կը պատրաստուէին հրասայլերով Պաքու հասնիլ եւ թէյ խմել»: Ան շեշտեց, որ անոնք պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին: «Հրասայլերը ռազմավարի պուրակին մէջ են, իրենք ալ թէյ կը խմեն, բայց համապատասխան վայրի մը մէջ: Պէտք է պատասխան տան»։
Բադալեան արձագանգեց Ալիեւի այս պահանջին՝ դիտել տալով, որ Հայաստան պատրաստակամ է նկատի ունենալու Մինսքի խումբը լուծարելու կարելիութիւնը, սակայն, «ուզում է համոզուած լինել, որ սա նշանակում է կոնֆլիկտի (հակամարտութեան) դէ ֆակտօ (իրողապէս) եւ դէ իւրէ (իրաւապէս) աւարտ եւ ոչ թէ դրա տեղափոխում Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ադրբեջանի» խօսոյթի ներքոյ»:
Ասոր զուգահեռ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լամիի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին քննարկեց տարածաշրջանին ներկայ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման գործընթացին ներկայ վիճակը:
Պայրամով ընդգծեց, որ, հակառակ խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրին շուրջ բանակցութիւններու աւարտին, համաձայնագիրը ստորագրելու համար պէտք է համապատասխան փոփոխութիւններ կատարել Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ` «Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջները» հանելու համար:
Բադալեան արձագանգեց այս պահանջին եւս՝ դիտել տալով, որ ընդհակառակն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը այն տեսակէտը ունի, որ Ատրպէյճանի Սահմանադրութիւնը տարածքային պահանջներ կը բովանդակէ Հայաստանի նկատմամբ: «Բայց նաեւ կարծում ենք, որ Խաղաղութեան համաձայնագրի համաձայնեցուած տեքստը (բնագիրը) լուծում է այս խնդիրը», շեշտեց Բադալեան։