Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը հաղորդեց, որ Անգարա հետագայ փուլին, իր սպաներէն մէկը սուրիական բանակի զինուորական խորհրդատու պիտի նշանակէ:
Օրաթերթը յայտնեց, որ Թուրքիա պիտի նպաստէ սուրիական բանակի վերադասաւորման` աւելցնելով, որ Անգարա աշխատանք կը տանի սուրիական բանակը մատակարարելու իր պաշտպանական արդիւնաբերութեան արդիական արտադրութիւններով` ամրապնդելու համար անոր կարողութիւնը:
«Որոշեցինք աստիճանաբար նուազեցնել Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները, գլխաւորաբար մարդասիրական օժանդակութիւններու ոլորտին մէջ», յայտարարեց Միջազգային համագործակցութեան եւրոպական կազմակերպութիւնը: