Հինգշաբթի, 13 Մարտին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին այցելեց եւ անոր եպիսկոպոս ձեռնադրութեան 25րդ տարեդարձը շնորհաւորեց Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց միութենէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Վարդգէս Թովմասեանի:
Շնորհաւորական ջերմ խօսքերէ ետք, հիւրերը Գեղամ արքեպիսկոպոսին զեկուցեցին իրենց ընթացիկ աշխատանքներուն եւ տարեկան ձեռնարկներուն մասին, ապա սրբազան հօր ուղղեցին հրաւէր՝ միութեան «Կոմիտաս» երգչախումբի տարեկան ելոյթը իր ներկայութեամբ պատուելու:
Առաջնորդը շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ուղղուած շնորհաւորանքներուն, գնահատեց այցելուներուն վարչական, կազմակերպական եւ նիւթաբարոյական աշխատանքները գաղութի կեանքին մէջ, ապա կարեւորութեամբ ընդգծեց միութեան դերը՝ շրջանի հայ երիտասարդութիւնը իր արմատներուն կառչած պահելու առումով:
Գեղամ արքեպիսկոպոսը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ իրեն ուղղուած հրաւէրին եւ խոստացաւ ներկայ ըլլալ երգչախումբի ելոյթին, ապա անհատական բարեմաղթութիւններու կողքին, ներկաներուն բաշխեց հայրական իր օրհնութիւնները: