
Շաբաթ, 10 Մայիսի երեկոյեան տեղի ունենալիք Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան շրջանաւարտներու տարեկան հաւաքոյթին զուգահեռ կը ծրագրուի նաեւ կոլֆի մրցաշարք մը՝ ՀԵԴի գործունէութեան յաւելեալ գումարներ ապահովելու նպատակով։
Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ Պըրպենքի «Տիպել» ակումբին մէջ, 9 Մայիսին, առաւօտեան ժամը 9էն 11։ Մասնակցութեան սակը 200 տոլար է, ներառեալ՝ ճաշ եւ յիշատակի պայուսակ մը։
Տեղեր ապահովելու համար այցելել կայքէջը։