Դրախտին ու դժոխքին երկու տարբեր վայրեր ըլլալուն մասին բազմաթիւ զրոյցներ կան քրիստոնէական կրօնքին մէջ: Այլ կրօնքներ եւս ունին նման հաւատալիքներ: Վարձատրութեան ու պատիժի ընդհանուր շրջագծէն ներս կ’իմացուին այդ երկու վայրերը, մէկը արժանավայել գնահատանքներու ակնկալիքով, իսկ միւսը աներեւակայելի տանջանքներու սարսափով պարուրուած:
Վերոյիշեալ երկու վայրերուն ստուգութիւնը պիտի չկատարենք վստահաբար սոյն գրութեամբ, ո՛չ ալ անոնց աշխարհագրական դիրքը պիտի ճշդենք, երկրագունդի վերի կամ վարի կողմերը, հիմնուելով այս կամ այն տեղեկութեան վրայ: Ատիկա դուրս կը մնայ մեր այս գրութեան նպատակէն: Այստեղ պիտի անդրադառնանք դրախտային վայրին հետ կապուած դրուագի մը, որ բարոյագիտական իմաստով մեծ արժէք ունի, նիւթեղէն աշխարհին նկատմամբ մարդուն անկուշտ վերաբերումը սանձելու միտող:
Կեանքը ինք ցոյց կու տայ մեզի, թէ դէպի դրախտ առաջնորդուելու համար մարդ պէտք ունի ցուցատախտակներու: Անոնք կողմնացոյցներ ըլլան թէ պարզ ուղենիշներ, մեր քայլերը կրնան ճշդել դէպի ուղիղ ճամբայ, հասնելու համար Աստուածատունկ այն պարտէզը՝ եդեմական դրախտը, ուր նախքան իր մեղանչումը, մարդը կ’ապրէր երջանիկ կեանքով:
Եկեղեցին մեծ ու կարեւոր կողմնացոյց մըն է այս առումով: Աստուածաշունչը եւ կենդանի քարոզութիւնը դարձեալ կողմնացոյցներ են, որոնք չորս ուղղութեան մէջտեղ շփոթ մնացած ու անորոշութեան մատնուած մարդուն յստա՛կ ճամբայ ցոյց կու տան, հիւսիսը-հարաւը, եւ արեւելք ու արեւմուտքը նշելով անոր դիմաց:
Սակայն, քրիստոնէական կրօնքին հետեւորդները լաւ գիտեն, որ դէպի դրախտ առաջնորդող ճամբուն մէջ աւելի դիւրին է քալել ոտնահետքերու նայելով, քան՝ ցուցատախտակներուն…: Մարդոց օրինակը շատ աւելի խօսուն է, քան չոր փայտ մը, կամ երկաթի հարթ մակերես մը, որուն վրայ ուղղութիւններ գրուած ըլլան:
Աստուածաշունչը եւս չոր թուղթի խուրձ մը պիտի ըլլար, եթէ անոր մէջ Աստուծոյ ընտրեալ մարդոց կողմէ Անոր պատգամները փոխանցուած եւ այդ ընտրեալ մարդոց հաւատքի փորձառութիւնները արձանագրուած չըլլային: Այդ փորձառութիւնները լաւագոյն կերպով դրոշմուած ոտնահետքեր են, որոնց վրայէն քալելով, շատ աւելի դիւրին է գտնել դրախտին ճամբան: Քրիստոսի ըրածը միթէ այդ չէ՞ր: Ան միայն չխօսեցաւ ճշմարտութեան մասին, այլ՝ ճշմարտութի՛ւնը խօսեցաւ: Ան միայն չխօսեցաւ կարեկցութեան մասին, այլ՝ ի՛նք կարեկից դարձաւ անկեալին, զրկեալին, անիրաւուածին ու անպաշտպանին: Ան միայն չխօսեցաւ ողորմածութեան մասին, այլ ի՛նք ողորմեցաւ աղքատին ու անտունին: Ուստի ինչքա՜ն աւելի դիւրին է Յիսուսի ոտնահետքերուն վրայ կոխելով մտնել դրախտ, քան ցուցանակները կարդալով, փնտռել անոր ճամբան:
Դրախտի ու դժոխքի գաղափարները, իրենց լայն իմացումով, երկնային ու երկրային երկու վիճակներու կ’անդրադառնան: Այս երկուքը, եթէ ոչ իրարու հակադիր, սակայն գէթ իրարու անմիազանցելի իրականութիւններ են: Ինչ որ հոգեկան իրականութիւն է, իր աննիւթեղէն ու յաւիտենական բնոյթով, գերակշիռ է նիւթեղէնին վրայ, որ ժամանակաւոր է, վաղանցուկ է ու ապականացու: Յիսուսի մտածողութեան մէջ յստակ է այն տեսակէտը թէ պէտք է մարդ գանձեր դիզէ երկնքի մէջ եւ ոչ թէ երկրի վրայ, «ուր ցեցը ու ժանգը կ’ապականեն, եւ ուր գողերը պատը կը ծակեն ու կը գողնան» (հմմտ Մտ 6.19): Իսկ երկնքի մէջ դիզուած գանձը փճացող տեսակէն պէտք չէ ըլլայ բնականաբար, այլ՝ աննիւթեղէն, հոգեկան: Ճիշդ է, որ բարիքին արդիւնքը կը տեսնենք այս երկրի վրայ, սակայն բարիքը ինք՝ գործողին հաշւոյն գանձուող հոգեկան հարստութիւն մըն է, որ կը դիզուի երկնքի մէջ:
Բարոյալից պատմուածքի մը հանդիպած եմ, որ երկնքի եւ երկրի վրայ միեւնոյն հարստութիւնը դիզել ուզող շուարած մարդու մը մասին է: Ան չէր գիտեր, թէ երկրի վրայ օգտագործուող նիւթեղէն հարստութիւնները նոյն արժէքը չունին երկնքի մէջ: Նկարագրուած անձը, անտառի մը մէջ թափառած միջոցին, պահուած գանձ մը կը գտնէ: Բանալով կարասին կափարիչը, կը տեսնէ թէ մեծ քանակութեամբ ոսկի ի պահ դրած է մէկը, եւ որ իր բախտաւորութեան պատճառը կը դառնայ: Ալ այնուհետեւ այս հարստութեամբ բախտաւորուած մարդը իր հետ կը տանի ոսկիի իր ամբողջ «մթերք»ը իր հետ, ուր որ երթայ: Երկրէ երկիր կը տեղափոխուի՝ հետը կը տանի զայն, իբրեւ իր ամէնէն թանկագին գանձը: Նոյնիսկ իր անձնական այլ գոյքերը մէկդի դրած, միայն իր ոսկին կը տանի ան իր հետ ամէն տեղ: Եւ օր մըն ալ, զանոնք շալկած իր հետ կը տանի երկինք…: Դրան մուտքին, պահապան հրեշտակը տեսնելով այս խեղճին ծանր բեռը, կը հարցնէ անոր.
– Ինչո՞ւ համար հետդ ասֆալթ բերած ես:
Մարդը շուարած, մէյ մը իր փայլուն բեռին կը նայի, մէյ մը հրեշտակին դէմքին եւ ծայրագոյն աստիճանի ինքնավստահութեամբ կ’ըսէ.
– Ասիկա ասֆալթ չէ, ոսկի՛ է, ոսկի՜…:
Իսկ հրեշտակը ժպտելով կ’առարկէ.
– Մենք այդ նիւթը այստեղ գետինները ասֆալթապատելու կը գործածենք…:
Յայտնութեան գրքին մէջ այս մասին կ’ըսուի, թէ «քաղաքին հրապարակը մաքուր ոսկի էր թափանցիկ ապակիի նման» (հմմտ Յյտ 21.21): Այդ մասին քրիստոնէական մեր հաւատքը նաեւ կ’ըսէ, թէ այնպիսի փառք մը կը սպասէ ընտրեալներուն, որ «ոչ մէկ աչք տակաւին չէ տեսած» (հմմտ Ա.Կր 2.9): Սակայն, դարձեալ, այդ ամէնուն ստուգութիւնը չէ՛ որ կը կատարենք այստեղ, այլ այն՝ որ այս աշխարհի վրայ մեր կողմէ «հարստութիւն» նկատուածները, Աստուծոյ աչքին կրնան արժէք չունենալ եւ աւելին՝ մեր դատապարտութեան պատճառ դառնալ:
Դրախտին ճամբաները ոսկեպատ ըլլան եւ կամ արծաթապատ, անոնք պարզապէս ասֆալթ են, որոնց վրայէն քալելով, պիտի կոխոտենք միայն: Մարդկային սիրտն է, որուն բիւրեղութեան, ոսկեղէն մաքրութեան մէջ Աստուած արժէք կը տեսնէ: Իսկ հոն հասնելու համար, ոսկեղէն ճամբաներէ անցելու կարիք չունիս, այլ՝ առաքինութեանց երբեմն փշոտ ու փոշոտ ճամբաներէն, ուրկէ պիտի անցնիս ոտքերդ արիւնելով ու ցեխոտելով…: