
Հայաստանի վարչապետի գրասենեակէն «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցին, որ Նիկոլ Փաշինեան եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ հեռաձայնային զրոյց մը ունեցան: Անոնք քննարկեցին Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական գործընկերութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային հարցեր:
Փաշինեան Ռուպիոյին ներկայացուց բանակցային գործընթացները, որոնց միջոցով կարելի դարձաւ «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին» համաձայնագիրի նախագիծի համաձայնեցումը: Փաշինեան ընդգծեց, որ համաձայնագիրի նախագիծը կը սպասէ ստորագրութեան:
Փաշինեան եւ Ռուպիօ պայմանաւորուեցան շարունակել Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ բարձր մակարդակի յարաբերութիւնները: