
Կազմակերպութեամբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Երկուշաբթի, 24 Մարտի երեկոյեան, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, Պուրճ Համուտի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական արեւելումի գաղափարախօսը` Սարգիս Զէյթլեան» խորագիրով ոգեկոչման ձեռնարկը` ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման եւ նահատակութեան 40ամեակին առիթով:
Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքը արտասանեց Յարութ Մարկոսեան: Ցուցադրուեցաւ Սարգիս Զէյթլեանի կենդանի ձայնով արտասանուած խօսք մը:
Խօսք առաւ օրուան բանախօս, «Ամենաղեկավարը` Սարգիս Զէյթլեան» գիրքին հեղինակ Կարօ Յովհաննէսեան: Ապա դարձեալ ցուցադրուեցաւ Սարգիս Զէյթլեանի խօսքերէն մէկը պարունակող տեսերիզ մը:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը ուղղեց Շահան Գանտահարեան: Դարձեալ ցուցադրուեցաւ Սարգիս Զէյթլեանի խօսքերէն մէկը:
ՀՅԴ Բիւրոյի խօսքը ուղղեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Միջին Արեւելքի պատասխանատու Յակոբ Բագրատունի:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը: Կարէն Գազանճեան, Քեւըն Եուեսֆ եւ Նաթալի Աբոքեան երգեցին «Սարգիս Զէյթլեան» եւ «Դաշնակցութեան Քաջ Զինուորներ» երգերը:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Մշակ Բանուոր» քայլերգով:
Տեսերիզը՝ այստեղ