Թեհրան պատասխանեց նախագահ Տանըլտ Թրամփի նամակին, որուն մէջ ան կոչ ըրած էր ուղղակի բանակցութիւններու սկսիլ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ, նոյն ատեն երկու ամսուան վերջնագիր մը սահմանելով։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղճի յայտնեց, թէ Թեհրան նախընտրեց ո՛չ մերժելու եւ ոչ ալ համաձայնելու տարբերակը, այլ համաձայնութիւն յայտնած է բանակցութինները անուղղակիօրէն վարելու:
«Մեր քաղաքականութիւնը ուղղակի բանակցութիւններու չմասնակցիլն է, յատկապէս երբ Միացեալ Նահանգները ընտրած է առաւելագոյն ճնշումի քաղաքականութիւնը», ըսաւ Արաղճի ՝ յիշեցնելով, թէ Ուաշինկթընն էր, որ նախորդ համաձայնութենէն քաշուած էր, Թրամփի պաշտօանավարութեան առաջին օրերուն։
Հակադարձելով այս որոշումին, Թրամփ սպառնաց Իրանը եւս ռմբակոծել։