
Հայ-ամերիկեան թանգարանի Երիտասարդ առաջնորդներու խորհուրդին կազմակերպութեամբ՝ 10 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 6էն 8 տեղի պիտի ունենայ շարժապատկերի աշխարհին նուիրուած ներկայացում մը։
Բեմագիր, արտադրող եւ Proximity Media-ի հիմնադիր Սեւ Օհանեանի ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյի հանրային կեդրոնական գրադարանին սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 222 E. Harvard St., Glendale, CA 91205։
Մասնակցիլ փափաքողները պէտք է արձանագրուին մինչեւ 7 Ապրիլ՝ այցելելով կայքէջը։