Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ըստ իր՝ սովորութիւն դարձած ընթացքին, դարձեալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնեց, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան եւ շարք մը օրէնսդրական փաստաթուղթերու մէջ Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջները կը շարունակեն մնալ տարածաշրջանի կայուն ապագայի հիմնական խոչընդոտը։
Նոյն նախարարութիւնը յայտնեց, թէ «պատմական կարելիութիւն մը կայ տարածաշրջանի պատմութեան արիւնոտ էջերը վերջապէս շրջելու եւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու համար»:
«Ատրպէյճան կը շարունակէ, որոնց կարգին միջազգային ջանքերը, ատրպէյճանցի ժողովուրդին դէմ յանցագործութիւններու մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելու համար: Նոյն ատեն, Պաքու վճռականօրէն կը պահանջէ հրաժարիլ Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներէն», կը շեշտուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ: