Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը յայտարարեց Կիրակի, 30 Մարտին, Գիւմրիի 82 ընտրատեղամասերուն մէջ տեղի ունեցած ընտրութեան արդիւնքները, որոնց ընթացքին որեւէ քաղաքական ուժ չկրցաւ 50+1 տոկոս հաւաքել ` իշխանութիւն ձեւաւորելու համար. վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած խմբակցութեան թեկնածուն եւս չկրցաւ յաղթանակ ապահովել։ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան թեկնածու Սարիկ Մինասեան ստացաւ 17 հազար 183 քուէներ՝ ձայներու 36.24 տոկոսը, Հայաստանի Կոմունիստական կուսակցութեան թեկնածու Վարդան Ղուկասեան` 9 հազար 727 քուէներ՝ ձայներու 20.51 տոկոսը, «Մայր Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինքի թեկնածու Կարէն Սիմոնեան` 2 հազար 902 քուէներ՝ ձայներու 6.12 տոկոսը, «Մեր Քաղաքը» կուսակցութիւններու դաշինքի թեկնածու Մարտուն Գրիգորեան` 7 հազար 380 քուէներ՝ ձայներու15.56 տոկոսը, «Իմ Հզօր Համայնք» կուսակցութեան թեկնածու Ռուբէն Մխիթարեան` 3 հազար 734 քուէներ՝ ձայներու 7.87 տոկոսը, «Ապրելու Երկիր» կուսակցութիւնը` 1694 քուէներ՝ ձայներու 6.12 տոկոսը, Հայաստանի աշխատաւորական սոցիալիստական կուսակցութիւնը` 651 քուէներ՝ ձայներու 1.37 տոկոսը, «Եւրադաշինք» կուսակցութիւններու դաշինքը` 2 հազար 111 քուէներ՝ ձայներու 4.45 տոկոսը եւ «Դեմոկրատական Այլընտրանք» կուսակցութիւնը` 1406 քուէներ՝ ձայներու 2.96 տոկոսը:
Ընդդիմադիր երկու ուժերը` «Իմ Հզօր Համայնք» կուսակցութեան թեկնածու Ռուբէն Մխիթարեան եւ «Մայր Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինքի թեկնածու Կարէն Սիմոնեան արդէն յայտարարեցին, որ պիտի միանան երկրորդ դիրքը գրաւող ընդդիմադիր թեկնածու Վարդան Ղուկասեանին:
«Պատրաստ եմ մեր աւագանիների կազմով առանց որեւէ նախապայմանի, առանց որեւէ պաշտօնի յաւակնելու քուէարկել գիւմրեցիների կողմից առաւելագոյն ձայներ ստացած քաղաքապետի ընդդիմադիր թեկնածու Վարդան Ղուկասեանի օգտին», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Մխիթարեան, իսկ Կարէն Սիմոնեան յայտնեց, որ իրենց իւրաքանչիւր գործողութիւն միտուած պիտի ըլլայ «իշխանազրկելու «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ը:
Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը մեկնաբանելով Գիւմրիի եւ Փարաքարի մէջ տեղի ունեցած արտակարգ ընտրութիւններուն արդիւնքները՝ դիտել տուաւ, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պարտուեցաւ հաւաքական ընդդիմութենէն։
«Գիւմրիում եւ Փարաքարում ընդդիմութեան ներկայացուցիչները յաղթեցին Նիկոլ Փաշինեանին. Սարիկ Մինասեանի հետեւում կանգնած էր Նիկոլ Փաշինեանը, եւ քուէարկելով Սարիկ Մինասեանի դէմ` բոլորը քուէարկում էին Նիկոլ Փաշինեանի դէմ», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին պնդեց Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան, ըստ որուն, 2026ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ, մարդիկ իրենց քուէարկութեամբ ցոյց տուին, որ Նիկոլ Փաշինեան չունի հանրային այն աջակցութիւն, որուն մասին այդքան կը խօսի:
«Այն, որ Փաշինեանը ինքն է հասկանում, որ իր հեղինակութիւնը ձգտում է զրոյի, եւ որ իր իշխանութեան գալու օրուանից մինչեւ այսօր ինքը 7-8 անգամ կորցրել է իր հեղինակութիւնը, իր ռեյտիգը (հեղինակութեան աստիճանաչափը) ընկել է, ինքն էլ է դա հասկանում: Այլապէս, պարզ է, չէ՞, որ ինքը ընտրութիւնների նախորդ օրը, երբ ՔՊն Գիւմրիում նախընտրական հաւաք էր կազմակերպում, Փաշինեանն ինքը այնտեղ կը լինէր», ըսաւ Խաչատրեան:
Ան դիտել տուաւ, որ արդիւնքները ցոյց տուին, որ մարդիկ յոգնած են, այլեւս չեն հաւատար Նիկոլ Փաշինեանին` ո՛չ ներքին, ո՛չ ալ արտաքին հարցերու պարագային։
Իշխանական պատգամաւոր Արսէն Թորոսեան իր կարգին յայտնեց, որ ասիկա ցուցանիշ չէ, որ 2026ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ը իշխանութեան պիտի չտիրանայ: «Հիմա մենք կարծում ենք, որ մենք լաւ արդիւնք ունենք յատկապէս Գիւմրիում` 36 տոկոս, յաջորդ ուժը մեզնից մօտ երկու անգամ քիչ ձայն է ստացել, դա նաեւ խօսում է վստահութեան մասին մեր նկատմամբ, թէեւ, նորից եմ կրկնում, 50ից պակաս քուէով, որը մենք պէտք է ընդունենք ի գիտութիւն, ի զէն, եւ շարունակենք աշխատել` մեր ընտրողների հետ, մեր քաղաքացիների, մեզ չընտրած մարդկանց հետ, որ միւս անգամ աւելի շատ ձայն ստանանք: Եւ խօսքը վերաբերում է բոլոր համայնքներին եւ նաեւ համապետական, Ազգային ժողովի ընտրութիւններին: Մենք ոչ մի տեղ չենք պատրաստւում հեռանալ», «Ազատութեան» հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց Թորոսեան։