«Աշխարհի մեծագոյն մարգրիտը՝ Աւետարանն է»
Խրիմեան Հայրիկ
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Այս տարի, 2025ին, հայ ժողովուրդը Հայաստանի եւ ի սփիւռս աշխարհի, արժանավայել շուքով եւ արդար հպարտութեամբ պիտի նշէ հայ ժողովուրդի հոգեւոր, կրթական, քաղաքական-հասարակական ականաւոր գործիչներէն Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկ kաթողիկոսի ծննդեան երկու հարիւր հինգ ամեակը:
Հայ ժողովուրդը, քրիստոնէութիւնը ընդունելէ ի վեր, հոգեւոր եւ ազգային փոքրաթիւ գործիչներ ունեցած է, որոնք իրենց հիասքանչ գործերով մեր հոգեւոր եւ մշակութային կեանքի լուսաշող աստղեր եղած են: Անոնց անունները ոսկէ տառերով գրուած են հայ ժողովուրդի պատմութեան էջերուն մէջ:
Անոնցմէ մէկն է Ամենայն Հայոց շնորհազարդ, կորովի կաթողիկոս՝ Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկը:
Ան իր ծաւալած վիթխարի ծառայութիւններով, մեր ժողովուրդին առջեւ վերջին երկու դարերուն յաւերժութեան ճամբան բացաւ, իսկ իր օրինակելի կեանքով՝ ջահաւորեց մեր ողջ հայութեան կեանքը:
Խրիմեան Հայրիկ եղած է ուսուցիչ, հրապարակագիր, վարդապետ, եպիսկոպոս Վանի Վարագայ վանքին եւ Տարօնի Ս. Կարապետ վանքին վանահայր․ եղած է Պոլսոյ պատրիարք, ծառայած է Երուսաղէմի Ս․ աթոռին եւ ի վերջոյ՝ Ս. Էջմիածինի մէջ եղած է Ամենայն Հայոց հայրապետ:
Խրիմեան ծնած է Վանի Այգեստան քաղաքը, 4 Ապրիլ, 1820ին․ փոքր տարիքէն կը կորսնցնէ իր հայրը: Մեծցած է իր հօրեղբօր խնամքին տակ:
27 տարեկան հասակին, երբ ամուսնացած էր Մարիամ Սիվիգեանի հետ եւ մէկ զաւակ ունէր, Վանէն անցած էր Պոլիս, Եւրոպա մեկնելու եւ բարձրագոյն ուսումը ստանալու համար: Նիւթական պատճառներով չկրցաւ այս երազը իրականացնել եւ Պոլսոյ մէջ գործեց իբրեւ ուսուցիչ:
Պոլսոյ մէջ էր, որ կը կորսնցնէր իր մայրը, կինը եւ մէկ հատիկ աղջիկ զաւակը: Խրիմեանին վրայ շատ ծանր կը ճնշէին այս կորուստները:
1853ին կը վերադառնայ իր ծննդավայրը եւ կ՛որոշէ վանական ըլլալ: Աղթամարի վանքին մէջ կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ՝ վարդապետ:
Խրիմեան վարդապետ շատ արթուն եւ պայծառ մտքի տէր էր, խանդավառ, ուսումնատենչ եւ սրախօս հոգեւորական էր: 1854ին, հոգեւորական իր լայնածաւալ աշխատանքի կողքին կը սկսի գրական եւ հասարակական գործունէութիւն մշակել:
1855ին, Վանի մէջ կը ձեռնարկէ հրատարակութեան «Արծուի Վասպուրական» ամսաթերթին, որ գաւառի հայութեան համար նորութիւն մըն էր իր բովանդակութեամբ եւ հայկական ոգիի դրսեւորումով: Թերթը շատ սիրուեցաւ ժողովուրդին կողմէ:
1862ին կ՛ընտրուի վանահայր Տարօնի Ս. Կարապետ վանքին: Այդ տարիներուն թերթին անունը կը փոխէ եւ կ՛ընէ՝ «Արծուիկ Տարօնոյ»։ Թէ՛ Վարագայ եւ թէ Ս. Կարապետ վանքերու վանահայրութեան շրջաններուն, ան բազմաթիւ դպրոցներ բացաւ, եկեղեցիներ կառուցեց եւ գիրքեր հրատարակեց:
1869ին կ՛ընտրուի Պոլսոյ պատրիարք: Հոն եղած շրջանին, իր մշտատեւ քննադատութիւններուն, յանդուգն եւ կորովի գործելակերպին պատճառաւ, թրքական իշխանութիւնները զինք Երուսաղէմ կ՛աքսորեն:
1878ին, Պոլսոյ պատրիարք Ներսէս Վարժապետեանի կարգադրութեամբ, Խրիմեան Հայրիկ, Մինաս Չերազի եւ Նարպէյի ընկերակցութեամբ կը մեկնին Պերլին, իբրեւ Հայկական պատուիրակութեան անդամներ:
Այդ պատուիրակութեան նպատակն էր Պերլին երթալ, հոն տեղի ունեցող մեծ տէրութեանց ժողովին ներկայանալ եւ անոնցմէ խնդրել, որ գործադրութեան դնեն հայկական նահանգներու բարեկարգութեան, այսինքն՝ Սան Ստեֆանոյի մէջ մեծ տէրութեանց ժողովի 16րդ յօդուածով առնուած որոշումը: Բայց հայկական պատուիրակութիւնը, ինչպէս յայտնի է համայն հայութեան, մեծ պետութիւններ քաղաքական մութ հաշիւներով եւ Ռուսիոյ դէմ քայլ մը առնելու համար, Պերլինի մէջ 16րդ յօդուածը փոխարինեցին 61րդ յօդուածով, որուն հիման վրայ եւրոպական վեց պետութիւններ պիտի հսկէին հայկական գաւառներու բարենորոգման աշխատանքները, փոխանակ միայն Ռուսիան:

Պոլիս վերադարձին, Խրիմեան Հայրիկ ժողովուրդին կը պատմէ ժողովի մանրամասնութիւնները եւ պատահած խեղկատակութիւնները, իր «Երկաթեայ Շերեփ» հանրածանօթ առածով: Մէկ կողմէ, Խրիմեան Հայրիկ կը յայտնէ այդ ժողովին իր յուսախաբութիւնը, իսկ միւս կողմէ, հայ ժողովուրդին կը յորդորէ որ հոգեփոխուի եւ գիտնայ արժէքը զէնքի ուժին եւ ինքնապաշտպանութեան:
Խրիմեան Հայրիկի անձին, հոգեւորականին, հայրենասէրին եւ ազգասէրին մասին հիացմունքով արտայայտած են իրեն ժամանակակից մտաւորականները եւ գործիչները․ մանաւանդ ժողովուրդը պաշտամուքի հասնող սէր եւ յարգանք ունէր «Հայրիկին» հանդէպ:
Այսպէս, Աւետիս Ահարոնեան կը գրէ. «Խրիմեան այս օրինական հոգեւորականը մէն մինակ մի խորունկ խորհուրդ է: Անոր կեանքը, նիստ ու կացը, հագուելու եղանակը, նրա կերակուրները անգամ (հռչակաւոր թանի ապուրը) անսահման սէր եւ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէր ժողովուրդին մօտ: Նրա ամէն մի խօսքը անքննադատելի եւ վսեմ պատգամ է»:
26 Սեպտեմբեր 1893ին, Էջմիածնի մէջ ձայներու միաձայնութեամբ զինք Ամենայն Հայոց կաթողիկոս կ՛ընտրեն:
Հայ ազատագրական շարժման ձեւաւորման եւ գաւառի հայութեան զարթօնքի գործին մէջ իր անփոխարինելի դերը ունեցած է Խրիմեան Հայրիկը, որուն որպէս հետեւանք Վանի մէջ ծնունդ առաւ «Սեւ Խաչ», «Պաշտպան Հայրենեաց» եւ Արմենական կուսակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ինքնապաշտպանական ջոկատները:
Կարելի չէ գրել Խրիմեան Հայրիկ կաթողիկոսի մասին, առանց յիշելու, թէ ան, հակառակ իր արտակարգօրէն զբաղած ըլլալուն, բազմաթիւ գրութիւններ եւ հատորներ ունի, որոնց մէջ կ՛անդրադառնայ հողին սիրոյն, հայ ընտանիքի գաղափարին, հայկական աւանդութեանց պահպանման, հօր եւ զաւակի յարաբերութեանց եւ Յիսուսի վերջին շաբաթուան (Աւագ Շաբաթ):
Խրիմեան Հայրիկ կը հաւատար, թէ «Աշխարհի մեծագոյն մարգրիտը՝ Աւետարանն է», աւելցնելով․ «Առանց Աւետարանի առաջնորդութեան, ուրիշ ուղիղ ճանապարհ չկայ»:
Ան ունի նաեւ «Հայ Գոյժ» եւ «Վան Գոյժ» երկու նշանաւոր գործերը, որոնք կը պատկերացնեն թրքահայ եւ Վանի հայութեան աղէտները: Խրիմեան Հայրիկի գլուխ գործոցը կը նկատուի «Պապիկ Եւ Թոռնիկ» գործը, ուր պապիկը թոռնիկին կը փոխանցէ հայկական հողին սէրը, ընտանեկան սրբութիւններուն եւ աւանդութեանց պաշտամուքը:
1929ին, Նիւ Եորքի մէջ հրատարակուեցաւ հսկայածաւալ հատոր մը, որ կը պարունակէ Խրիմեան Հայրիկի ամբողջական գրական գործերը:
Խրիմեան Հայրիկի ժամանակակիցները կը վկայեն, թէ ան ինքզինք հոգեւորականի չափ բանաստեղծ կը համարէր: Խրիմեան Հայրիկ աննման արտաքինով, ոտքէն գլուխը փարթամ հասակով առնական գեղեցկութիւն ունէր: «Ոչ մէկ նկարով կարելի չէր պատկերացնել Խրիմեան Հայրիկին դէմքը, մանաւանդ անոր խոշոր կապոյտ աչքերը», կը վկայեն զինք մօտէն ճանչցողները:
Խրիմեան Հայրիկ սրամիտ էր: Նոյնիսկ լուրջ եւ ամենահանդիսաւոր պահերուն չէր մոռնար իր բնածին «հիւմոր»ը:
Էջմիածնի մէջ, Խրիմեան Հայրիկին կը ներկայանայ բանաստեղծ մը, իր փոքրամարմին տիկնոջ հետ։ Խրիմեան կը նայի տիկնոջ, ապա հարց կու տայ բանաստեղծին.
– Տիկինդ է, որ քեզ կը ներշնչէ եւ կ՛ոգեւորէ բանաստեղութիւն գրելո՞ւ:
– Այո, կը պատասխանէ բանաստեղծը:
– Զաւակս, աղէկ ըրած ես, չարիքներուն փոքրագոյնը ընտրած ես:
Խրիմեան Հայրիկ սրախօսութեանց հսկայ ժառանգ մը ձգած է, որ հատորներ կրնայ լեցնել:
Վեհափառ Խրիմեան Հայրիկի բազմաբեղուն կեանքի վերջին կոնդակն ալ իր տեսակին մէջ հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան փայլուն օրինակ մըն էր․
«Այժմ իմ հայապետական կոնդակով, տարաբախտ ազգիս վշտալի հայրապետս, որ հասել եմ իմ կեանքի մայրամուտին, յորդորս եմ կարդում ձեզ, մեր բոլորի սիրելիներին, որ ի սպառ թօթափեն սրտերից ատելութիւնը, մեծամտութիւնը եւ լինեն ընդմիշտ մի սիրտ եւ մի հոգի համերաշխ եւ եղբայրական սիրով գործեն այնպիսի խոհեմութեամբ, իմաստութեամբ, որ իրենց գործունէութեան արգասիքները վնաս չբերեն մեր ազգին, այլ օգուտ ու զարգացում»:
Ամենայն Հայոց «Հայրիկ»ի կեանքը վերջ գտաւ 20 Նոյեմբեր, 1907ին։ Ծովածաւալ բազմութիւն մը ներկայ եղաւ իր թաղման արարողութեան։ Ան թաղուեցաւ նախորդ կաթողիկոսներուն պէս, Ս. Էջմիածնի մէջ:
Բիւր յարգանք անոր յաւերժալոյս եւ մշտակենդան յիշատակին: