
ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
Անթիլիասի ուխտի օրուան աւանդութիւնն է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ ի պահ դրուած սուրբերու մասունքները դուրս բերել եւ անոնցմով թափօր կազմած՝ օրհնել հաւատացեալ ժողովուրդը։ Անշուշտ, սուրբերու մասունքներով թափօր կազմելն ու ժողովուրդը օրհնելը միայն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աւանդութիւններէն չէ: Մասունքներու թափօր կը կատարուի Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքին մէջ, Սուրբ Զատիկէն ետք, Ուխտաւորաց պատարագի աւարտին։ Նմանօրինակ թափօրներ նաեւ կը կատարուին ուղղափառ եւ կաթոլիկ եկեղեցիներու արարողութիւններու ընթացքին։
Քրիստոնէական առաջին դարերէն եկած սուրբերու մասունքները պատուելու բարեպաշտութիւնը, այսօր կրնայ անհասկնալի եւ երբեմն նոյնիսկ «խորթ» թուիլ ներկայ սերունդին կամ քրիստոնէական տարբեր յարանուանութիւններու համար, որոնց մօտեցումները յարգելի են։ Սակայն, կ՛արժէ բացատրել, թէ ինչո՛ւ Հայ եկեղեցին կը պատուէ մասունքները եւ թէ աւանդութիւնը ինչպիսի՛ աստուածաբանական մօտեցում կը պարունակէ իր մէջ, որպէսզի առաւել գիտակից հաւատքով մօտենանք սուրբ մասունքներուն եւ անոնց ընդգրկած հոգեւոր արժէքին։
Սուրբերու մնացորդներուն հանդէպ բարեպաշտութիւնը կու գայ Աստուածաշունչէն։ Հին Կտակարանին մէջ կը տեսնենք, թէ ինչպէս հրեաները կը մեծարէին մարգարէներուն դամբարանները. երեւոյթ մը, որուն Քրիստոս ալ ակնարկած է իր խօսքին մէջ, երբ կը դատապարտէր Օրէնքի ուսուցիչները եւ փարիսեցիները (հմմտ. Մտ 23.29)։ Սակայն, ամէնէն յստակ հրաշքը, որ տեղի կ՛ունենայ սուրբի մասունքով, արձանագրուած է Հին Կտակարանի Դ. Թագաւորաց գիրքին մէջ, ուր կը պատմուի, թէ երբ մարդ մը կը թաղէին գերեզմանի մը մէջ, ուր Եղիսէի աճիւնները կային, «այն մարդը Եղիսէին ոսկորներուն դպածին պէս կենդանացաւ ու իր ոտքերուն վրայ կայնեցաւ» (Դ. Թագ. 13.21)։ Այս հետեւողութեամբ կը տեսնենք, թէ մասունքներու հանդէպ բարեպաշտութիւնը սկիզբ առած է, երբ Քրիստոսի կամ սուրբերու մասունքներու ճամբով հրաշքներ տեղի ունեցած են։
Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին նաեւ ի յայտ եկաւ, թէ ինչպէս հրաշքներ կը պատահին, նոյնիսկ Քրիստոսի քղանցքին (Ղկ 8.42-47) կամ Պօղոս առաքեալի գործի հագուստին հպումով (Գրծք 19.11-12)։ Ասիկա կը նշանակէ, թէ ո՛չ միայն սուրբի մը մնացորդ աճիւնը, այլ նոյնիսկ անոր օգտագործած հագուստը կամ իրը կրնայ հրաշքներ գործել մեր հաւատքի կեանքին մէջ։
Սուրբերու մասունքներով նման հրաշքներ շարունակուեցան քրիստոնէական առաջին դարու ամբողջ տեւողութեան եւ անոնք կը շարունակուին պատահիլ մինչեւ մեր օրերը, ինչ որ ցոյց կու տայ մասունքներու ճամբով Աստուծոյ շնորհքին ներգործութիւնը մեր կեանքերին մէջ՝ Իր փառքին եւ մեր հաւատքի ամրապնդումին համար։ Հրաշքները կենդանի վկայութիւնն են այն ճշմարտութեան, որ կը բարձրաձայնէ, թէ Քրիստոս մարդացաւ եւ մարդուն մարմնեղէն բնութիւնը դարձուց Սուրբ Հոգիի տաճար։ Եթէ անհատ մը, Սուրբ Հոգին կենդանի պահած է իր կեանքին մէջ եւ Աստուծոյ շնորհքը կեանքի վերածած է, նոյնիսկ անոր անշնչացած մարմինը եւ կամ գործածած իրեղէնները կրնան շարունակել Աստուծոյ փառքին համար հրաշքներ գործել։ Քրիստոս մարդու հոգիի փրկութեան մասին խօսելով չանտեսեց մարդուն մարմինը, որուն համար նաեւ տուաւ փառաւորեալ մարմին դառնալու խոստումը (Յհ 5.28-29)։ Փաստօրէն, շատ մը սուրբերու անշնչացած մարմինները անբացատրելիօրէն չեն քայքայուած կամ փտած, այն գործնականացած հաւատքով, որ Սուրբ Հոգիին շնորհքը կենդանի մնացած է անոնց մէջ։
Աստուած ամէն միջոց կ՛օգտագործէ Իր սէրն ու շնորհքը մարդուն սրտին հասցնելու՝ առանց սահմանափակումներու, անիկա ըլլայ խօսքի մը արտասանումով կամ Իր թուքը հողին միախառնելով ու կոյրին աչքին քսելով։ Սակայն, հրաշքը ինքնանպատակ չէ. անոր ընդմէջէն Աստուած Ինքզինք եւ Իր փառքը մարդուն կը յայտնէ։ Այս իմաստով նպատակայարմար է մէջբերել Պօղոս առաքեալի խօսքը. «ատոր համար ալ Քրիստոս մեռաւ եւ վերակենդանացաւ, որպէսզի Տէրը ըլլայ բոլորին, թէ՛ ապրողներուն եւ թէ՛ մեռածներուն հաւասարապէս» (Հռ 14.9)։ Հաւատալով այս իրականութեան, Քրիստոս Ինքզինք կը յայտնէ, կ՛օրհնէ մարդիկը ու հրաշքներ կրնայ գործել Իր ընտրեալներուն՝ սուրբերու մասունքներուն ճամբով։
Ի վերջոյ, սուրբ մը կամ անոր մասունքը չէ որ կը պաշտենք՝ ամբողջական փառքը վերագրելով միայն տուեալ սուրբին կամ մասունքին. այլ, ինչպէս որ իւրաքանչիւրս երկրի վրայ Աստուծոյ փառքին շողը դառնալու կոչուած ենք, նոյնպէս սուրբերը ու անոնց մասունքները, յետ երկրաւոր առաքելութեան, կը շարունակեն լուսաւորել մեր կեանքը Աստուծոյ փառքին շողով, որպէսզի աւելիով ամրապնդուինք մեր հաւատքի կեանքին մէջ, եւ անոնց օրինակով իսկ Սուրբ Հոգիի տաճարները դառնանք։ Մասունքները մեզի կ՛օգնեն, որպէսզի Աստուծոյ փառքին զօրութիւնը տեսնենք. միաժամանակ կը մեծարենք անոնց առաքինի կեանքը, որպէսզի անոնց ընդմէջէն, իբրեւ հաւատացեալներ, տեսնենք յաղթական կեանքի տիպարները եւ անոնց աղօթքներուն դիմելով՝ գօտեպնդուինք մեր քրիստոնէական կեանքին մէջ։
Փառքը կը պատկանի միայն Փրկիչին, որուն ամէն բան կը պարտինք եւ որուն համար կը կատարուին բոլոր բարեպաշտական արարողութիւնները։