
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսիի հետ Գահիրէի մէջ ունեցաւ միացեալ մամլոյ ասուլիս մը:
«Մենք որեւէ ժողովուրդի տեղահանումին դէմ ենք. կը մերժենք Կազայի ու Արեւմտեան Ափի կցումը եւ կը վերահաստատենք Կազայի վերաշինութեան ծրագիրին մեր զօրակցութիւնը», ըսաւ Մաքրոն:
Ան դատապարտեց «Կազայի վրայ իսրայէլեան շարունակուող օդային հարուածները»` կոչ ուղղելով զինադադար հաստատելու եւ գերիները ազատ արձակելու:
««Համաս»ը ապագային Կազայի կառավարման մէջ որեւէ դեր պէտք չէ ունենայ եւ Իսրայէլին որեւէ սպառնալիք պէտք չէ ներկայացնէ: Մենք կառչած կը մնանք Լիբանանի գերիշխանութեան ու կայունութեան, եւ պէտք է յարգել զինադադարը», յայտնեց Մաքրոն՝ աւելցնելով. Պէտք է պահպանել Կարմիր ծովուն եւ Սուէզի ջրանցքին մէջ նաւարկումի ապահովութիւնը: Կը զօրակցինք Սուրիոյ մէջ փոխանցման հոլովոյթին, որ պէտք է ըլլայ համապարփակ եւ սուրիացի ժողովուրդի բոլոր հատուածները միախմբող»: