
Ամերիկեան կառավարական EXIM դրամատան տնօրէններու խորհուրդը հաստատեց ատրպէյճանական Silk Way օդանաւային ընկերութեան 339 միլիոն տոլարի վարկը` Boeing օդանաւներ գնելու համար: Օդանաւները պիտի մատակարարուին մինչեւ 2026ի ամառը:
Փաստը, որ Silk Way-ի օդանաւները, ըստ հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու, զբաղած են զէնքի փոխադրութեամբ, չէ խանգարած ամերիկեան կողմը՝ այդ վարկը հաստատելու։ Silk Way-ը կը նկատուի Ատրպէյճանի նախագահին հետ ամուր կապեր ունեցող օդանաւային ընկերութիւն մը:
Silk Way-ին վարկ տալու գործարքը ղեկավարած են դրամատան խորհրդատու Տէյվիտ Կոլտըն, EXIM- հաղորդակցութեան բաժնի փոխնախագահ Տաւիտ Ֆիորի եւ նոյն բաժինի վարկերու մասնագէտ Չերիլ Քանլին: Վերջինս Ապրիլ 2021ին մասնակցած էր Պաքուի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան կազմակերպած ֆորումին։ 2017ին, Քանլին մասնակցած էր Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու առեւտրական տան կազմակերպած նախաձեռնութեան։ Նախորդ Նոյեմբերին, EXIM-ի ներկայացուցիչները մեկնած էին Պաքու` մասնակցելու «ՔՈՓ 29»ին:
Ատրպէյճանական Silk Way-ը նշանաւոր է հակամարտութիւններու գօտի զէնքերու փոխադրութիւններով:
«Ազատութեան» ատրպէյճանական ծառայութիւնը 2010ին յայտնաբերած էր, որ ընկերութեան վերջնական բաժնետէրերէն մէկը Ալիեւ ընտանիքն է:
«Ուաշինկթըն Փոսթ»ը 2022ին հրապարակեց ծաւալուն հետաքննութիւն մը աֆղանական պատերազմի ամէնէն թէժ փուլին մասին, երբ Ատրպէյճան Միացեալ Նահանգներուն եւ դաշնակիցներուն համար բացած էր իր օդային տարածքը` անոր դիմաց ստանալով աւելի սերտ դիւանագիտական համագործակցութիւն եւ 369 միլիոն տոլարի պայմանագիրներ Silk Way-ի հետ:
2020ին եւ 2023ին, Silk Way-ը աշխոյժ էր Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ սկսած ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին: Սեպտեմբեր 2023ին` Արցախին մէջ իրականացուած ցեղային զտումներէն շուրջ 2 շաբաթ առաջ, «Հետք» լրատուամիջոցը գրած էր, որ Օգոստոսէն Սեպտեմբեր, Silk Way-ը իսրայէլական «Օվտա» օդանաւային խարիսխէն դէպի Պաքու 4 թռիչքներ կատարած է՝ տեղափոխելով պայթուցիկ ռազմամթերքներ: 2020ի 44օրեայ պատերազմին ընթացքին եւս ատրպէյճանական այդ ընկերութիւնը աշխոյժ փոխադրութիւններ կատարած է դէպի Ատրպէյճան՝ Իսրայէլէն, Թուրքիայէն եւ Աֆղանիստանէն:
EXIM դրամատունը, պատասխանելով «Ազատութիւն» կայանի հարցումներուն` Silk Way-ին վարկ տալու վտանգներուն գծով՝ յայտնեց. «EXIM-ը, ըստ իր կանոնադրութեան, խստօրէն կը գնահատէ իր մասնակիցներուն ու շահառուներու այն գործարքները, զորս դրամատունը ֆինանսաւորած է եւ սերտօրէն կը հետեւի Քոնկրեսին կողմէ հաստատուած սահմանափակումներուն: EXIM-ի առաքելութիւնը ամերիկեան աշխատատեղերուն աջակցիլն է` տրամադրելով վարկեր, երաշխիքներ եւ/կամ ապահովագրութիւն` նպաստելով Միացեալ Նահանգներու մէջ արտադրուած ապրանքներու ու ծառայութիւններու գնումին: Իսկ գալով Silk Way Airlines-ի եւ EXIM-ի համագործակցութեան բնոյթին մենք կը նշենք, որ Silk Way West Airlines-ը պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու մէջ արտադրուած այս օդանաւերուն վարձակալը եւ վերջնական օգտագործողը, ինչպէս նաեւ վարկերը վճարելու աղբիւրը: EXIM-ը պիտի երաշխաւորէ այդ վարկերը»:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ուղղած հարցումով մը «Ազատութիւն»ը փորձեց յստակացնել, թէ ատրպէյճանական օդանաւային ընկերութեան այս վարկը արդեօք քննարկման առարկայ դարձա՞ծ է Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարներուն կամ գերատեսչութիւններուն միջեւ վերջին շրջանին հաստատուած կապերուն եւ կատարուած քննարկումներուն ընթացքին: «Վաշինգտոնի հետ Երեւանի յարաբերութիւնները ծաւալւում են ռազմավարական գործընկերութեան ձեւաչափում եւ պայմանաւորուած չեն ԱՄՆ եւ երրորդ երկրների միջեւ երկկողմ համագործակցութեամբ», պատասխանեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Մինչ ամերիկեան EXIM դրամատունը Silk Way-ի նոր վարկի մը տրամադրումը յաջողութեամբ աւարտին կը հասցնէ, ընկերութիւնը կը շարունակէ նոր թռիչքներ իրականացնել` բեռներ տեղափոխելով Իսրայէլէն Ատրպէյճան: Ըստ «Հետք»ի տուեալներուն` 2025ի առաջին եռամսեակին, իսրայէլեան «Օվտա» խարիսխէն դէպի Պաքու 6 թռիչքներ կատարուած են:
Իսրայէլեան «Հաարէց» օրաթերթը նախապէս շեշտած էր, որ նշեալ օդանաւային խարիսխը կ՛օգտագործուի պայթուցիկ ռազմամթերք տեղափոխելու համար: