Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան ընդունեց Ռուսիոյ նախագահին Միջազգային մշակութային համագործակցութեան հարցերու յատուկ ներկայացուցիչ Միխայիլ Շուիտքոյը, յայտնեցին կառավարութենէն:
Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ համագործակցութեան ներկայ եւ հեռանկարային ծրագիրները:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ զբօսաշրջութեան հոսքերու խթանման վերաբերող քայլերուն:
Կողմերը հաստատեցին իրենց փոխադարձ շահագրգռուածութիւնը գործընկերութեան հետագայ խորացման հարցին մէջ եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին միացեալ նոր նախաձեռնութիւններ իրականացնելու։