
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ իր հանդիպումին ընթացքին բացայայտեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ Սուրիոյ վերաբերեալ իր զրոյցը:
«Թուրքիոյ նախագահը շնորհաւորեցի իր գործակատարներուն ճամբով Սուրիան առնելով երկու հազար տարի ուրիշներուն չկրցածը կատարելուն համար», յայտնեց Թրամփ` աւելցնելով, որ Էրտողան ըսաւ, թէ Սուրիան չէ առած, առ այդ ինք պատասխանեց. «Շատ լաւ, այդ մէկը ընդունելու պէտք չունիս», իսկ Էրտողան ըսաւ. «Շատ լաւ, թերեւս ես էի, որ զայն առի»:
«Էրտողան դաժան եւ չափազանց խելացի անձ է, եւ իրագործեց բան մը, որ նախապէս ոչ ոք կրցաւ իրագործել, եւ պէտք է անոր յաղթանակը ընդունիլ», աւելցուց Թրամփ:
Ապա խօսքը Նեթանիահուին ուղղելով՝ ան ըսաւ, որ կրնայ Թուրքիոյ հետ որեւէ հարց լուծել, այնքան ատեն որ պահանջները տրամաբանական են` աւելցնելով. «Ես շատ, շատ լաւ յարաբերութիւններ ունիմ Թուրքիոյ եւ անոր ղեկավարին հետ»:
Նեթանիահու յայտնեց, որ Թրամփի հետ քննարկեց նաեւ սուրիական թղթածրարը: