
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը կը հովանաւորէ տարեկան մօտաւորապէս 100 զանազան չափի նախագիծեր շուրջ քսան երկիրներու մէջ, առաւել՝ հարիւրաւոր կրթանպաստներ կը շնորհէ համալսարանի ուսանողներու եւ հետազօտողներու։
Նախագիծեր կ՛ընդունուին իրերայաջորդ փուլերով եւ կը գնահատուին տարին երեք անգամ։ Յունուարին գնահատուեցան 125 նախագիծեր, որոնցմէ 32ը ընտրուեցան նպաստատուութեան համար։
Վաւերացուած նախագիծերէն ոմանք շարունակութիւնն էին առկայ նախաձեռնութիւններու, ինչպէս՝ «Զարմանազան», «Երդիք», «Ուս Հարթակ», եւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի «ՔարՏես» հեռաձայնային յաւելուածը։ Այլ նախագիծեր նոր նախաձեռնութիւններ էին առկայ գործընկերներու հետ, օրինակ՝ Vlume-ի ընդարձակումը մանուկ-պատանի ընթերցողներու համար նախատեսուած հայերէն 84 նոր հրատարակութիւններով, որոնք աւելցան չափահաս ընթերցողներու համար պատրաստուած լսողական եւ ելեկտրոնային գիրքերու կողքին։ Ասիկա նոր ուղղութիւն մը կը բերէ մանկական դաստիարակչական նիւթերու պատրաստութեան մէջ բաժանմունքին ցուցաբերած մնայուն զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ գիրքերու թարգմանութեան իր սեփական «Զարդիս» մատենաշարին։
Խրախուսիչ կարգ մը նոր նախաձեռնութիւններ, որոնց բաժանմունքը համաձայնած է զօրակցիլ՝ կը ներառեն կրտսեր գիտաշխատողներու հետազօտական խումբի մը ստեղծումը Լայփցիկ համալսարանին Արեւելեան Եւրոպայի պատմութեան եւ մշակոյթի «Լայպնից» հիմնարկին (GWZO) մէջ։ Հիմնարկը դոկտորականի երկու կրթանպաստ պիտի շնորհէ GWZO-ի մէջ հայկական ժամանակակից նիւթերու հետազօտութեան։ Երկու այլ կրթանպաստներ պիտի շնորհուին նոյնինքն հիմնարկին կամ արտաքին աղբիւրներու կողմէ։ Կը նախատեսուի որ այս հիմնարկը դառնայ հայագիտական հետազօտութեան առաջատար կեդրոնը Գերմանիոյ մէջ։ Նաեւ եռամեայ ժամկէտով կը հովանաւորենք INALCO-ի Հայագիտական Մագիստրոսի աստիճանի միջազգային ծրագիրը՝ հետազօտութեան եւ դասաւանդումի իր կարողութիւնները լրացնելով միամսեայ այցելու աւագ գիտաշխատողով մը։
Հայաստանի մէջ ԹՈՒՄՕի հետ գործակցութիւնը պիտի երաշխաւորէ Վենետիկի Ճարտարապետական 19րդ միջազգային «Պիեննալէ»ին Հայկական տաղաւարին կազմակերպումը։ «Մանրաճարտարապետութիւն արհեստական բանականութեան միջոցով․ստեղծելով նոր յիշողութիւններ հնադարեան կոթողներով» վերնագիրը կրող նախագիծը պիտի պեղէ արհեստական բանականութեան զարգացող դերը մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան մէջ եւ իբրեւ նոր արտայայտչաձեւերու ուղի։ Դարձեալ Հայաստանի մէջ, Հանրային քաղաքականութեան հիմնարկի տրամադրուած նպաստ մը պիտի զօրակցի «Գիրք եւ միտք» ծրագիրին՝ պատրաստելու 36 տեսանիւթերու շարք մը վերջին քանի մը տարիներուն հայերէնի թարգմանուած նշանակալից գիրքերու վերաբերեալ։ Շարքին նպատակն է քննական մտածողութիւնը խթանել այս գիրքերուն եւ ընկերաքաղաքական ու մշակութային միտքին վրայ, անոնց ներգործութեան առնչուող քննարկումներով։ Վերջապէս՝ զօրակցութիւնը «Հայ Հալէպ» նախաձեռնութեան․ Հալէպի հայ համայնքին վերաբերող բանաւոր պատմութեան այս ծրագիրը պիտի ստեղծէ համապարփակ կայքէջ մը ուր պիտի տեղադրուին տեսագրուած հարցազրոյցներ, լուսանկարներ եւ այլ նիւթեր ներկայիս լուրջ վտանգի ենթակայ համայնքին մասին։
Թէեւ բաժանմունքը մեծ մասամբ կը գործէ Փորթուկալէն դուրս, սակայն պատեհ առիթներով կը զօրակցի Փորթուկալի մէջ հայկական մշակոյթն ու պատմութիւնը լուսարձակի տակ առնող նախաձեռնութիւններու։ Անիկա հովանաւորեց Սերգէյ Փարաճանովի ժապաւէններու շարքը Cinemateca Portuguesa-ի մէջ ուր Փարաճանովի բոլոր ժապաւէնները պիտի ցուցադրուին փորթուկալցի հանրութեան։ Հիմնարկութիւնը նաեւ կը զօրակցի «Սասունցի Դաւիթ» հայկական ժողովրդական դիւցազնավէպին փորթուկալերէնի թարգմանութեան՝ տեղացի երիտասարդ ակադեմականի մը կողմէ, որ հայ լեզուի խոր գիտութիւն ձեռք բերած է Լիզպոնի «Նովա» համալսարանին Լեզուներու հիմնարկին (IL-Nova) մէջ «Կիւլպէնկեան»ի հովանաւորած դասընթացներուն միջոցով։
Ինչպէս հիմնարկութեան տրամադրած բոլոր նպաստներուն պարագային, այս նախագիծերը վաւերացուած են իր նախագահին՝ փրոֆեսոր Անթոնիօ Ֆէյժոյի եւ Հոգաբարձու մարմինին կողմէ։ Հայկական համայնքներու բաժանմունքը կը զեկուցէ նախագահին, որ ստանձնած է բաժանմունքին անմիջական պատասխանատուութիւնը 2024ի վերջերուն, Մարթին Եսայեանի հանգստեան կոչուելէն ետք։
Վերոնշեալ նախագիծերը վաւերացնելու առիթով նախագահը ըսաւ․ «Հայկական համայնքներու բաժանմունքը, որուն խոր արմատները կ՚երթան մինչեւ հիմնարկութեան հաստատումին թուականը՝ 1956ին, հիմքը կը կազմէ «Կիւլպէնկեան« հիմնարկութեան։ Բաժանմունքը մեզ կ՛աղերսէ մեր հիմնադիրին եւ իր մշակոյթին, իր մարդասիրութեան եւ միջազգային աշխարհահայեացքին հետ։ Մենք կը փափաքինք ընդլայնել մեր յանձնառութիւնը աշխարհատարած Հայկական Սփիւռքին եւ Հայաստանի նկատմամբ։ Այս նախագիծերը դրսեւորումն են այդ երկարաժամկէտ յանձնառութեան»։
Յառաջիկայ շաբաթներուն, հիմնարկութիւնը վաւերացման դիտանկիւնով պիտի քննարկէ ժամանակակից հայ մշակոյթի նպաստատուութեան առնուազն 10 դիմումներ, որոնք ներկայացուած են իր «արդ եւս» նորարարական ծրագիրին։ Հիմնարկութիւնը այլ նոր նախագիծերու շարքին կը մշակէ Հայկական Սփիւռքի հետազօտական կեդրոն անունով նախաձեռնութիւն մը, որ պիտի ստանձնէ Սփիւռքի ինչպէս նաեւ Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն առնչուող քաղաքականութեան հետաքննութիւններ։ Ինչպէս նախագահը նշեց՝ «Կարեւոր է ոչ միայն պահպանել մշակոյթը այլեւ վերաշխուժացնել զայն եւ խրախուսել նոր մշակոյթի ստեղծումը։ Նմանապէս՝ ուրոյն հետազօտութեան զօրակցելու զուգահեռ հիմնարկութիւնը կը ձգտի զարգացնել քննական մտածողութիւնը եւ անոր տարածումը»։
Նախապէս հովանաւորուած նախագիծերու ցանկերը կրնաք գտնել հոս՝ gulbenkian.pt/armenian-communities/hy/հովանաւորուած-նախագիծեր-եւ-տրամադրո/հովանաւորուած-նախագիծեր/: