
«Կ՛ուզենք, որ Իսրայէլ մասնակցի Իրանի վերաբերեալ որեւէ համաձայնութեան, սակայն կը ջանանք որեւէ ճակատումէ խուսափիլ, եւ մենք Իրանի հետ ուղղակի բանակցութիւններ կը վարենք», Սպիտակ տան մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ:
Ան յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ Իրանի հետ բանակցութիւնները յաջողին` «անոր՝ հիւլէական զէնք ձեռք բերելէն խուսափելու համար»:
«Շաբաթ օր իրանցիներուն հետ մեծ բանակցութիւն մը պիտի ըլլայ, անոնց հետ ուղղակի հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ», աւելցուց Թրամփ։
«Իրան եւ Միացեալ Նահանգներ Շաբաթ օր Օմանի մէջ բարձր մակարդակով անուղղակի բանակցութիւններ պիտի վարեն: Անիկա լաւ քննութիւն մը պիտի ըլլայ: Գնդակը Ամերիկայի դաշտին մէջն է», յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղճի՝ աւելցնելով. «Օմանի մէջ Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւնները անուղղակի պիտի ըլլան, եւ բանակցութիւններու որեւէ այլ ձեւ պիտի չընդունինք: Բանակցութիւններուն ձեւը, անիկա ուղղակի է, թէ անուղղակի առաջնահերթ կարեւորութիւն չունի: Կարեւորը բանակցութիւններու արդիւնաւէտութիւնն է, երկու կողմերուն լրջութիւնը եւ համաձայնութեան հասնելու կամքը: Բանակցութիւններու ձեւը կապ ունի շարք մը հարցերու հետ, այդ պատճառով ընտրեցինք անուղղակին: Չենք հաւատար բանակցութիւններու, որոնց մէջ կողմ մը միւսին իր պահանջները սպառնալիքի եւ ճնշումի ճամբով կը պարտադրէ»:
«Սպիտակ տան պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղճի պիտի նախագահեն Շաբաթ օրուան բանակցութիւններուն», ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնեց լաւատեղեակ աղբիւր մը: