Կլենտէյլի քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 110ամեակի ոգեկոչման նուիրուած 24րդ տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 21 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, «Ալեքս» թատերասրահին մէջ:
Քաղաքապետ Էլեն Ասատրեան կը շեշտէ, թէ Արցախի ցեղասպանութիւնը անգամ մը եւս եկաւ ցոյց տալու, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմութենէն էջ մը չէ միայն, այլ անոր հետեւանքները հայութիւնը կը շարունակէ կրել մինչեւ այսօր։
Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերը ոգելոչելու կողքին, ձեռնարկը առիթ պիտի հանդիսանայ տօնելու հայութեան վերապրումը։
Պիտի ներկայացուի Ճոէլ Մարթինի Jazzical Komitas-ը եւ ելոյթներ պիտի ունենան «Հայկեան» սենեկային երգչախումբը, «Լեռնազանգ» համոյթը, ինչպէս նաեւ ընթերցում մը պիտի կատարէ Կլենտէյլ քաղաքի պաշտօնական բանաստեղծ Ռաֆֆի Ճօ Վարդանեան։
Մուտքը ազատ է, իսկ սրահին հասցէն է՝ 216 N. Brand Blvd., Glendale, CA, 91203. տեղեր ապահովելու համար կարելի է այցելել GlendaleCA.gov/AGCE կայքէջը։