Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Էյ.Տի.էյ.» (ADA) միջազգային ֆորումին ընթացքին նոր սպառնալիք մը ուղղեց Հայաստանին՝ ըսելով. «Այնքան ատեն որ տակաւին չէ ստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագիրը, եւ Հայաստան ամբողջութեամբ չէ հրաժարած Ատրպէյճանի նկատմամբ բոլոր տարածքային պահանջներէն, որոնք տակաւին ներկայ են իրենց Սահմանադրութեան մէջ, եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու իր պահուածքին մէջ անկեղծութիւն չի դրսեւորեր, նոր ռազմական առճակատումի վտանգը միշտ պիտի ըլլայ»։
Ալիեւ պնդեց, որ սպառնալիք է նաեւ Հայաստանի կողմէ սպառազինութիւն ձեռք բերելու փորձերը: «Մենք վերականգնած ենք մեր տարածքային ամբողջականութիւնը, գերիշխանութիւնը, վերջ դրած ենք անջատողականութեան եւ վերահսկողութեան տակ առած մեր սահմանները: Եւ մեզի համար այդ հարցը փակ է: Բայց այդ չի նշանակեր, որ մենք պարզապէս պիտի անտեսենք հաւանական սպառնալիքները եւ հաւանական վտանգը», ըսաւ Ալիեւ՝ աւելցնելով. «Պէտք է միշտ պատրաստ ըլլան հակահարուած տալու»:
Ալիեւ նաեւ յայտնեց, որ Ատրպէյճանի տարածքի մը հայկական բռնագրաւումը չէ արտօնած Հարաւային Կովկասին զարգանալ՝ իբրեւ քիչ թէ շատ համարկուած տարածաշրջան, «իսկ մենք անոր կարելիութիւնները ունէինք։
«Ուժանիւթի ապահովութիւն, երթեւեկի հաղորդակցութիւն, ներդրումներ եւ տնտեսական օգուտներ. Հայաստան, յարձակումին պատճառով, ինքզինք փաստօրէն զրկած է այս բոլորէն, ինքզինք զրկած է Ատրպէյճանի ուժանիւթային պաշարներու եւ երթեւեկի ուղիներու համար կարեւոր տարանցիկ երկիր դառնալու կարելիութենէն», յայտարարեց Ալիեւ:
Շեշտելով, որ Ատրպէյճան բազմաթիւ երկիրներու հետ ռազմավարական գործընկերութեան հռչակագիրներ ունի` Ալիեւ ըսաւ, թէ ասիկա կարելիութիւն կու տայ Պաքուին` կարեւոր տնտեսական եւ երթեւեկի կամուրջ մը ըլլալ Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջանին եւ Եւրոպայի միջեւ:
Ալիեւ հաստատեց, որ տարածաշրջանին հետ երկարաժամկէտ համագործակցութեան համար կարելի չէ անտեսել Ատրպէյճանը: «Եւրոպայի մէջ կարգ մը ուժեր կը նախընտրէին Ատրպէյճանը մեկուսացնել այս գործընթացէն եւ բաժանարար գիծեր գծել, մասնաւորաբար Հարաւային Կովկասի մէջ, բայց այդ փորձերը յաջողութիւն չեն ունենար»։
ՄՈՍԿՈՒԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ԵՐԵՒԱՆԻՆ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻՆ՝ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ԹՈՒԼՑՆԵԼՈՒ ՔԱՅԼԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱՐԿԵԼՈՒ
Արդէն շուրջ մէկ ամիսէ ի վեր, գրեթէ ամէն օր, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը տարածէ սահմանագօտիին մէջ իբր թէ հայկական կողմին կրակ բանալուն մասին հաղորդագրութիւններ, զորս մնայուն կերպով կը հերքէ Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը:
իւս կողմէ, Հայաստանի Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի սահմանային գիւղերէն կը հաղորդեն, որ ատրպէյճանական կողմը ամէնօրեայ դրութեամբ կը կրակէ քաղաքացիներու բնակարաններուն ուղղութեամբ։
9 Ապրիլին, Մոսկուա կոչ ուղղեց Պաքուին եւ Երեւանին՝ զսպուածութիւն դրսեւորելու եւ քայլերու ձեռնարկելու սահմանին վրայ լարուածութիւնը թուլցնելու նպատակով: Այդ մասին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա՝ աւելցնելով, որ այս վիճակը կը վատթարացնէ կացութիւնը։
Ըստ անոր՝ Մոսկուա կը հետեւի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանային գօտիի իրավիճակին:
Զախարովա շեշտեց, որ ռուսական կողմը «պատրաստ է օգնելու իր գործընկերներուն՝ յաղթահարելու հակասութիւնները խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրելու, ինչպէս նաեւ երթեւեկի եւ տնտեսական հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, սահմանի սահմանազատման հարցին մէջ, մարդասիրական հարցերը լուծելու համար` Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւններուն համաձայն»։