Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Կապանի մէջ Ռուսիոյ գլխաւոր հիւպատոսութիւն բանալու գծով բազմաթիւ ուղղութիւններով յստակութիւն կայ. կ՛ակնկալուի, որ մինչեւ Մայիս յստակ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք պիտի բերուին գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման ժամկէտներուն մասին։
«Մենք համոզուած ենք, որ ռուսական ներկայութեան հետեւողական ընդլայնումը հանրապետութեան հարաւի ռազմավարութեան գծով, այս կարեւոր շրջանին մէջ կը համապատասխանէ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ռուսիոյ, թէ՛ ընդհանրապէս տարածաշրջանի երկարաժամկէտ շահերուն», ըսաւ Զախարովա՝ աւելցնելով, որ այդ քայլը կրնայ էական ազդակ հաղորդել առեւտրական-ներդրումային, հանրային-կրթական, մշակութային-մարդասիրական համագործակցութեան, Ռուսիոյ մարզերուն հետ այդ շրջանի փոխշահաւէտ կապերու հաստատման:
Զախարովա շեշտեց, որ Սիւնիքի մէջ երկիրներուն միջեւ տնտեսական օրակարգի խթանումը ԵԱՏՄի ձեւաչափով աւելի կարեւոր կը նկատուի, որ նաեւ կապ ունի Իրանի հետ ազատ առեւտուրի գօտիին մասին համաձայնագիրի վերջին վաւերացման հետ:
Ըստ Զախարովայի՝ Կապանի մէջ գլխաւոր հիւպատոսութեան բացումը յուսալի ապահովագրութիւն պիտի դառնայ Սիւնիքի մարզի հետեւողական, խաղաղ եւ ապահով զարգացման համար: