Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումին ընթացքին գոհունակութիւն յայտնեց Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին մէջ յառաջընթացին համար:
Ան ընդգծեց, որ Թուրքիա Ատրպէյճանը կը նկատէ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ճարտարապետ եւ ուշադիր կը շարունակէ հետեւիլ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին:
Ըստ Թուրքիոյ նախագահի վարչակազմի հաղորդագրութեան՝ Թուրքիա կ՛աջակցի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութիւն հաստատելու գործընթացին: