Արցախի տեղեկատուական շտաբը յայտարարութեան մը միջոցով տեղեկացուց, որ տարօրինակ զուգադիպութեամբ մը բռնի կերպով տեղահան դարձած արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան աշխոյժ փուլին դարձեալ տեղեկատուական դաշտը կը նետուին փորձուած հնարքներ` դարձեալ հանրութեան ուշադրութիւնը փորձելով շեղել Արցախի մէջ տեղի ունեցած հնարաւոր փտածութեամբ, թալանով, ամենաթողութեամբ եւ այլ բացասական երեւոյթներով:
Արցախի տեղեկատուական շտաբի յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Այդ նպատակով օգտագործւում են նաեւ Արցախում իրենց քայքայիչ եւ պառակտիչ գործողութիւններով աչքի ընկած այսպէս կոչուած որոշ գործիչներ: Նպատակը մէկն է` պառակտել եւ թոյլ չտալ, որ յանուն սեփական իրաւունքների պաշտպանութեան արցախցիները հանդէս գան միասնական ճակատով: Այս համատեքստում հարկ ենք համարում եւս մէկ անգամ տեղեկացնել, որ 2023 թուականի Նոյեմբերին 8ին, հաշուի առնելով հանրային պահանջը եւ համացանցում յայտնուած առերեւոյթ յանցագործութիւնների մասին տեղեկութիւնները, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը ՀՀ գլխաւոր դատախազին դիմել է համապատասխան գրութեամբ` խնդրելով ձեռնարկել գործուն քայլեր ու դրանց տալ իրաւական գնահատական: Համաձայն այդ գրութեան` ՀՀ իրաւապահ մարմիններում, քննչական եւ հակակոռուպցիոն (հակակաշառակերութիւն) կոմիտէներում յարուցուել են քրէական վարոյթներ: Դրանց շրջանակում առգրաւուել են Արցախի ներդրումային հիմնադրամի ելեկտրոնային սերվերներն (համացանցի մատուցող) ու տրամադրուել պահանջուող տեղեկութիւնները: Վերոնշեալ վարոյթների շրջանակում նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը հարցաքննուել է որպէս վկայ: Եւս մէկ անգամ դիմում ենք ՀՀ շահագրգիռ մարմիններին` յատկապէս իրաւապահ համակարգին, ձեռնարկել կոնկրտ (յստակ) քայլեր` հնարաւոր յանցագործութիւններն ու դրանց կատարողներին բացայայտելու եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու ուղղութեամբ: Արցախցիներին կոչ ենք անում չտրուել տեղեկատուական սադրանքներին, պահպանել համերաշխութիւն, ցուցաբերել խոհեմութիւն եւ միասնական ճակատով ՀՀ օրէնսդրութեան սահմաններում վերականգնել խախտուած իրաւունքները»։