
ՀՅԴ Բիւրոյի Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ 14 Ապրիլին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ Բիւրոյի անդամներ Լիլիթ Գալստեան ու Արսէն Համբարձումեան այցելեցին Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը:
Ռուստամեան ընդհանուր գիծերու մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվիընին ներկայացուց ՀՅԴ 35րդ Ընդհանուր ժողովին կողմէ որդեգրուած քաղաքական ուղեգիծը եւ համահայկական կառոյցին առաջնահերթութիւնները:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամները բարձրաձայնեցին Հայաստանի Հանրապետութեան դիմագրաւած ապահովական հարցերու շուրջ իրենց մօտեցումները եւ մտահոգութիւնները ու կարեւոր համարեցին Արցախի հայութեան վերադարձը երաշխաւորուած եւ ապահով կերպով իրականացնելը, Պաքուի մէջ պահուող ռազմագերիները եւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը ազատ արձակելու հարցը: Անոնք ընդգծեցին միջազգային դերակատարներու, որոնց կարգին Միացեալ Նահանգներու քաղաքական ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը տարածաշրջանին մէջ՝ կայուն եւ արդար խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ:
Կողմերը գնահատեցին այսպիսի հանդիպումներու կարեւորութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին քաղաքական զանազան օրակարգերու շուրջ միտքերու փոխանակումը շարունակելու։