Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարօ յայտարարեց, որ Ֆրանսա մտահոգ է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութեամբ։ Ան յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ այդ լարուածութիւնը կարելի կ՛ըլլայ թուլցնել եւրոպական դիտորդական առաքելութեան ընդլայնման օգնութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ հետեւիլ եւ զսպել այդ լարուածութիւնը։
«Այժմ պէտք է խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրել, իսկ կամայականօրէն ձերբակալուած եւ բանտարկուած անձերը պէտք է ազատ արձակուին», ըսաւ Պարօ՝ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին ընթացքին:
Պարոյի յայտարարութիւնը «Էքս»ի իր էջին վրայ հրապարակած է Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի:
ՊԱՔՈՒ ՓԱՐԻԶԸ ԿԵՂԾԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿԸ ՄԵՂԱԴՐԷ
Արձագանգելով Ժան-Նոէլ Պարոյի յայտարարութիւններուն՝ Պաքու Փարիզը մեղադրեց «կեղծաւորութեան» մէջ` պնդելով, որ Հայաստանին «մահացու զէնքեր մատակարարելը խաղաղութեան չի ծառայեր»:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ «Էքս»ի վրայ հրապարակած իր գրառումին մէջ, անդրադառնալով խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան՝ կ՛ըսէ. «Անոր ստորագրութիւնը եւ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հասնիլը Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներու վերացում կը պահանջեն եւ, մասնաւորաբար, Ֆրանսայի կողմէ արտաքին միջամտութեան դադրեցումը, որ պատճառ պիտի դառնայ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի անկայունացման»: