

Ապրիլ 23ին՝ Քայլարշաւ, Իսկ Ապրիլ 24ին՝ Ոգեկոչման Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ Մեսրոպեան Ազգային վարժարանին եւ մասնակցութեամբ հայկական ամէնօրեայ վարժարաններու աշակերտներուն՝ 23 Ապրիլ 2025ին, առաւօտեան ժամը 10:30էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ «Մէկ Ձայն, Մէկ Պայքար, Մէկ Ապագայ» խորագիրով քայլարշաւ մը՝ սկսելով Մեսրոպեան Ազգային վարժարանէն հասնելով Հայոց Ցեղասպանութեան Մոնթեպելլոյի յուշարձանը, ուր տեղի պիտի ունենայ աշակերտական յայտագիր մը Հայոց Ցեղասպանութեան Լոս Անճելըսի Միացեալ Մարմնին (UACLA) հետ գործակցութեամբ։
Միացեալ մարմնին խօսքը պիտի փոխանցէ Մոնթեպելլոյի նախկին քաղաքապետ եւ ներկայիս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդարանի Ազգային վարչութեան խորհրդական Ճեք Հաճինեան:
Նաեւ, Հայոց Ցեղասպանութեան Լոս Անճելըսի Միացեալ մարմնին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան յանձնախումբին (AGC) կազմակերպութեամբ՝ Հինգշաբթի, 24 Ապրիլ 2025ին, առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ, պիտի ոգեկոչուի Հայոց Ցեղասպանութեան 110րդ ամեակը, նախ՝ կրօնական արարողութիւնը՝ մասնակցութեամբ գաղութի յարանուանութիւններու հոգեւոր հայրերուն, ապա՝ Միացեալ մարմնին եւ Ցեղասպանութեան յանձնախումբին խօսքը պիտի փոխանցէ դոկտ. Վահրամ Շէմմասեան:
Վայր՝ Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան, որուն հասցէն է՝ 901 Via San Clemente, Montebello, CA 90640։
Հայ համայնքը հրաւիրուած է մասնակցելու եւ յարգանքի տուրքը մատուցելու մեր սրբադասուած անմեղ նահատակներու յիշատակին:
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆ
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ