Նոր Սահմանադրութիւն ունենալու որոշումէն ետք, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 16 Ապրիլին, առաջին անգամն ըլլալով յայտարարեց, թէ բնագիրին մէջ Անկախութեան հռչակագիրին յղում պէտք չէ ըլլայ, յստակօրէն շեշտելով, որ ասիկա իր քաղաքական դիրքորոշումն է:
«Այդ տեքստը (բնագիրը) նրա մասին է, որ Հայաստանի անկախ հանրապետութիւն, պետականութիւն չի կարող լինել, չի կարող լինել, դա անհնար է: Եթէ ես սա ասում եմ, հետեւաբար՝ ես չեմ կարող ասել, որ նոր Սահմանադրութեան տեքստում պէտք է լինի յղում Անկախութեան հռչակագրին: Ընդհակառակը` ես կարող եմ ասել, որ իմ կարծիքով` նոր Սահմանադրութեան տեքստում չպէտք է լինի յղում Անկախութեան հռչակագրին, բայց էլի ուզում եմ ասել` որոշողը Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդն է, ի հարկ է` փաստարկներ, կողմ եւ դէմ փաստարկներ բերողը քաղաքական ուժերն են», ընդգծեց Փաշինեան, որ Անկախութեան հռչակագիրը մեկնաբանեց իւրովի` կրկնելով, թէ անոր բովանդակութիւնը այն մասին է, որ Հայաստան չի կրնար գոյութիւն ունենալ: Նշենք, որ ասիկա այդ փաստաթուղթը մեկնաբանելու Փաշինեանի երկրորդ փորձն է, նախորդ տարեսկիզբին եւս ան ցուլի եւ կարմիր հագուստի օրինակ տուաւ` զգուշացնելով, թէ անիկա կրնայ Հայաստանի նկատմամբ պատերազմի պատճառ դառնալ: Սակայն, 16 Ապրիլին, Փաշինեան ուղղակի չըսաւ, որ արդեօք Սահմանադրութեան մէջ Անկախութեան հռչակագիրին յղումը կը խոչընդոտէ՞ խաղաղութիւնը:
«Ես համարում եմ, որ էդ հարցերը պէտք է իրարից տարբերել: Ոչ, իրական Հայաստանի գաղափարախօսութիւնը, որ ես հիմա ներկայացնում եմ, ես էդ հարցին յատուկ անդրադարձ եմ անում եւ յատուկ ընդգծում եմ, թէ ինչն է պատճառը, որ ես կարծում եմ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնում նոր Սահմանադրութիւն պէտք է ընդունուի», ըսաւ Փաշինեան, որ նոր Սահմանադրութեան անհրաժեշտութիւնը բացատրելով իրաւակարգի եւ քաղաքացիներու միջեւ խզումով՝ յայտնեց. «Իրաւակարգը, որը բխում է Սահմանադրութիւնից, կտրուած է ժողովրդից մի պարզ պատճառով` սահմանադրական բոլոր հանրաքուէները, հանրային համոզուածութեան համաձայն, ժողովրդի անհրաժեշտ թուով ձայներ չեն ստացել, այլ կերպ ասած` հանրաքուէների արդիւնքները մանիպուլացուել (ձեռնավարութեան ենթարկուած) են կամ կեղծուել են»:
Միւս կողմէ, Ազգային ժողովի ընդդիմութիւնը կը պնդէ, որ Փաշինեան որքան ալ փորձէ Անկախութեան հռչակագիրէն հրաժարելու հիմնաւորումներ ներկայացնել՝ իրականութիւնը այն է, որ ան իշխանութիւնը պահելու համար՝ կը կատարէ Ատրպէյճանի պահանջները:
Ըստ «Հայաստան» խմբակցութեան դաշնակցական պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեանի` նոյնիսկ Փաշինեանի այս յայտարարութենէն ետք Պաքու պիտի չստորագրէ խաղաղութեան համաձայնագիրը: «Դրա համար այս իշխանութիւնները, որոնք սկզբից խօսում էին` Սահմանադրութիւն ընտրութիւններից յետոյ, յետոյ ասին` «Լաւ, սկսում ենք աշխատանքները, մշակումը», յետոյ էլ մի քանի օր առաջ յայտարարեցին, որ հայեցակարգ էլ չի լինելու` ուղղակի ա սենց, առանց հայեցակարգի, առանց սկզբունքային մեկնակէտերը յստակեցնելու, առանց հանրային լայն քննարկումների սկսում են տեքստը մշակել, որովհետեւ, կրկնում եմ, ինքը պէտք է պարտադրի, փորձի պարտադրել ժողովրդին Ադրբեջանի հրահանգով ընդունել մի Սահմանադրութիւն, որ բաւարարի Բաքուին, որպէսզի ինքը կարողանայ մնայ իշխանութիւն», յայտարարեց Խաչատրեան:
Ընդդիմադիր միւս` «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Մամիջանեան դիտել տուաւ, որ նոր Սահմանադրութեան հանրաքուէն պիտի տապալի, որովհետեւ քաղաքացիները կը հասկնան՝ անիկա Պաքուի օրակարգն է:
«Ես խիստ, շատ, շատ, շատ խիստ կասկածում եմ, որ փաշինեանենք ունակ են ապահովել հանրաքուէի համար անհրաժեշտ բաւական մեծ թուով ձայների քանակը` դա բաւական բարձր ցենզ է էնտեղ` 600 հազարից աւել քուէ է անհրաժեշտ», յայտարարեց Մամիջանեան:
Մինչ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան հեռանկարը անորոշ է, Փաշինեան յայտնեց, որ Պաքու տակաւին գրաւոր չէ պատասխանած ճամբաներու ապաշրջափակման՝ Երեւանի առաջարկներուն: Այս հարցը խաղաղութեան համաձայնագիրէն վերցուած է, կողմերը զայն առանձին կը քննարկեն: Փաշինեանի խօսքերէն նաեւ յայտնի դարձաւ, որ Երեւան Պաքուին ուղարկած է նաեւ սահմանազատումը շարունակելու վերաբերող գրաւոր առաջարկներ, որոնց նոյնպէս արձագանգ չկայ, եւ յստակ չէ, թէ Երեւան ի՛նչ առաջարկներ կատարած է։ Յանձնաժողովները այս Յունուարին պայմանաւորուած էին սահմանազատումը շարունակել հիւսիսէն հարաւ` այսինքն Տաւուշի մարզէն, բայց գործնական աշխատանքներու մասին որեւէ տեղեկութիւն չկայ: