
28 Մարտին, Լեհաստանի հայ ուսանողներու կազմակերպութեամբ եւ Հայաստանի դեսպանութեան օժանդակութեամբ՝ Վարշաւայի կեդրոնին յարակից Նաթոլին շրջանի Եւրոպայի քոլեճին մէջ ներկայացուեցաւ «Հայաստանի մշակոյթի օր» ձեռնարկը:
Օրուան ընթացքին տեղի ունեցան ճատրակի մրցաշարք մը, հայկական տարազներու եւ արուեստի գործերու ցուցադրութիւնը, հայկական քոնեաքի համտեսումը եւ այլ նախաձեռնութիւններ։ Ուսանողները հանդէս եկան հայկական երաժշտական եւ պարային կատարումներով։
Ձեռնարկի ծիրին մէջ, Լեհաստանի մօտ Հայաստանի դեսպան Ալեքսանդր Արզումանեան հանդիպում մը ունեցաւ քոլեճի դասախօսական կազմին եւ ուսանողներուն հետ՝ պատասխանելով վերջիններուս՝ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցումներուն։

