
Կիրակի, 13 Ապրիլին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիները մեծաշուք հանդիսաւորութեամբ նշեցին Ծաղկազարդի տօնը, որ Յիսուս Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յատկանշական յիշեցումն է ամէնամեայ դրութեամբ եւ շատ սիրելի տօնը նորազգեստ մանուկներուն ու մեծերուն:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան տօնին առիթով հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատոյց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց համալիրին մէջ, ուր ներկայ եղան Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան եւ տիկինը, Ազգային վարչութեան անդամ Ծովիկ Զէյթլեան եւ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Կայծակ Զէյթլեան, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ հոծ բազմութիւն մը:


Նախքան տօնին խորհրդանշած մանուկներու թափօրը, սրբազան հայրը փոխանցեց աւուր պատշաճի պատգամ մը՝ վեր առնելով Ծաղկազարդի խորհուրդնը եւ նշանակութիւնը քրիստոնեայ աշխարհին համար՝ ըսելով, որ Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքը եղաւ գործադրումը Աստուծոյ խօսքին՝ Հին Կտակարանին մէջ արձանագրուած, թէ մարգարէութիւններու ճամբով փոխանցուած՝ դիտել տալով, որ Յիսուս ո՛չ թէ իբրեւ երկրային Երուսաղէմի թագաւոր ներկայացաւ, այլ երկինքի թագաւորութեան յաւիտենական խորհուրդն էր, որ համայն մարդկութեան տարածել ուզեց՝ համեստ աւանակի վրայ, ձիթենեաց՝ խաղաղասիրութեան խորհրդանիշ ճիւղերով մտաւ Երուսաղէմ՝ Աստուծոյ փրկագործական ծրագիրի իրականացման ի նպաստ, այլ ոչ թէ հրեայ ժողովուրդին երկրային թագաւորն ու իշխանը կոչուելու համար:
Խօսելով մանուկներու թափօրին մասին՝ առաջնորդը լուսաբանեց խորհուրդը եւ այս առիթով մէջբերեց Պօղոս առաքեալի՝ «Եղբայրնե՛ր, միտքով երեխայ մի՛ ըլլաք. երեխաներու պէս եղէք միայն չարիք խորհելու մէջ. իսկ անկէ դուրս՝ հասուն մարդու պէս խորհեցէք» խօսքը, որ արձանագրուած է Ա. Կորնթացիներու 14.20 համարին մէջ, ապա անդրադարձաւ Ծաղկազարդին յաջորդող Աւագ Շաբթուան խորհուրդին՝ Յիսուսի չարչարանքներ, խաչելութիւն եւ մահ, որմէ ետք՝ աստուածային շքեղ յարութիւն: «Որմով երկինքը դարձեա՛լ որդեգրեց մարդը եւ Յիսուս Փրկիչին միջոցով անոր առջեւ վերաբացաւ երկնային դրախտի դուռը», շեշտեց Գեղամ արքեպիսկոպոսը՝ ընդգծելով, որ մարդ արարածի փրկագործութեան ճամբան Յիսուս Քրիստոս Ի՛նքն է, որուն հաւատացողը պիտի չկորսուի բնաւ, այլ՝ յաւիտենական կեանքի պիտի արժանանայ եւ երկինքի մէջ բնակի:


Յետ արարողութեան, առաջնորդը կատարեց Դռնբացէքի արարողութիւնը:
ԴՌՆԲԱՑԷՔ՝ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 6ին, առաջնորդը Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Դռնբացէքի յատուկ արարողութեան, ապա իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ անոր խորհուրդին՝ դիտել տալով, որ Դռնբացէքը ուղղակի առնչութիւն ունի Աստուածաշունչին մէջ նշուած «վերջին դատաստանին», ուրկէ ներս մտնելու միակ ճամբան Յիսուս Քրիստոս Ինքն է, ապա մէջբերեց Տիրոջ խօսքը, որ կ՛ըսէ. «Ե՛ս եմ դուռը: Ով որ ինձմէ անցնելով ներս մտնէ՝ պիտի փրկուի» (Յովհաննէս 10.9):

