«Այսօր յարեաւ ի մեռելոց փեսայն անմահ… »
Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻ ՇԱՐԱԿԱՆ
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Մայր հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին ապրող հայուն համար, Աւագ Չորեքշաբթին՝ 16 Ապրիլը, երկու ցնցիչ փաստ արձանագրեց մեր քաղաքական կեանքին մէջ: Առաջինը` Գիւմրիի քաղաքապետական ընտրութիւններուն արդիւնքին ամրագրումն էր, իսկ երկրորդը՝ ՔՊապետին այն յայտարարութիւնները, թէ Հայաստանի նոր Սահմանադրութեան մէջ Անկախութեան հռչակագիրը տեղ պիտի չունենայ: Անշուշտ կան ուշագրաւ այլ իրադարձութիւններ, բայց եկէ՛ք, կեդրոնանանք այս երկուքին վրայ:
ԳԻՒՄՐԻԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Գիւմրիէն հնչած պատգամը սպասելի էր եւ գործնական ուղեցոյց: ՔՊի պարտութիւնը ամրագրուեցաւ, երբ Վարդան Ղուկասեան ՄԻԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՄԲ, եւ ՔՊականներու գլխիկոր բացակայութեան, ընտրուեցաւ քաղաքապետ:
Ընտրութիւնը անսպասելի չէր, որովհետեւ քուէարկութեան աւարտէն ետք, բոլոր ընդդիմադիրները յայտարարած էին, որ իրենց քուէն պիտի տան առաւելագոյն թիւով քուէ ապահովող ընդդիմադիրին: Մինչեւ քաղաքապետի ընտրութեան նախօրեակն ալ, որոշ շրջանակներ փորձեցին կասկածներ տարածել, թէ մէկն ու մէկը կրնայ «սայթաքիլ» եւ նպաստել ՔՊականներու խաղերուն, սակայն Չորեքշաբթիի նիստը եղաւ վճռական: Ընդդիմադիրները պահեցին իրենց խոստումը, ետդարձ չըրին յանձնառութենէն:
Ուշագրաւ էր, որ ընդդիմադիր պարագլուխները ո՛չ միայն խոստմնադրուժ չեղան (յիշեցէք Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւնները), այլ իրենց որոշումի յայտարարութեան մէջ գործածեցին ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ նշանակութիւն ունեցող բառ մը. քուէ կու տան ո՛չ թէ Վարդան Ղուկասեանի անձին, այլ՝ ՔՊին հակադրուող ընդդիմադիր առաջատարին: Մէկ խօսքով, Գիւմրին պաշտօնապէս յայտարարեց, որ ՔՊն անընդունելի է Հայաստանի երկրորդ մեծագոյն քաղաքին մէջ: Ընտրապայքարի օրերուն իրարու դէմ ելած խմբաւորումները մէկդի դրած են երէկի հակադրութիւնները, տարակարծութիւնները (եւ տարբերութիւնները բաւական խորունկ էին), եւ միացած՝ մէկ էական եւ հիմնական նպատակի շուրջ. տապալել ՔՊն: Եւ յաջողեցան: Անոնց միաձայնութիւնը հեռաւոր արձագանգ մըն էր Սիամանթոյի՝ «Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար» վճիռին:
Ասկէ անդին, նաւը խաղաղ ջուրերու վրայ պիտի նաւարկէ՞, այսինքն՝ Վարդան Ղուկասեան պիտի յաջողի՞ նոյն միասնականութիւնը ունենալ, երբ սկսի ձախաւերներուն հետքերը ջնջելու գործը, եւ վերականգնումի ծրագիրները իրականացման ճամբու մէջ դնել: Գիւմրեցիք այդ յոյսը ունին (անոնց կը միանան նաեւ Հայաստանի բոլոր շրջաններու բնակիչները), սակայն պէտք չէ մտահան ընել, որ իշխանութիւնները վաղը-միւս օր կրնան յերիւրանքներու եւ շինծու պատճառաբանութիւններու տոպրակը վերստին բանալ, ինչպէս ըրած էին ընտրութիւններէն առաջ: Նման խարդաւանանքներով, ՔՊականները անցեալին ընդդիմադիրներէ խլած էին նոյնինք Գիւմրիի եւ այլ քաղաքներու ղեկը եւ նշանակած՝ իրենց մարդիկը: Շուտով յայտնի եղաւ, նա՛եւ նոյնինքն Գիւմրիի մէջ՝ որ ՔՊականները խոստում իրականացնող չեն, կ՛ընեն խոստումներուն ճիշդ հակառակը: Գիւմրին միակ դաշտը չէ, նման վարքագիծ ի զօրու էր Արցախէն մինչեւ Հայաստան, կը տարածուի նաեւ դէպի սփիւռքեան ափեր:
Նախաճաշակը հնչեց քաղաքապետական խորհուրդի նիստի պահուն, երբ ՔՊականները յայտարարեցին, որ ընտրութիւնները «կեղծուած են», կը պահանջեն նոր ընտրութիւն (եւ տեսէ՜ք, թէ կեղծիքի մասին խօսողը ո՛վ է): Նոյնը ըսին Փարաքարի ընտրութիւններուն մասին, մինչդեռ հոն ՔՊականներու պարտութիւնը աւելի՛ աղաղակող էր եւ Գիւմրիի զուգահեռ՝ ընդդիմադիրները միաձայնութեամբ ընտրեցին իրենց քաղաքապետը:
Ս. Յարութեան տօնի եւ Ցեղասպանութեան 110ամեակի նախօրեակին, գիւրմեցիներու տուած պատգամը յստակ է. եթէ ընդդիմադիրներու մասնակի հաշիւները մէկդի քշուին, դիւրին է ՔՊն տապալել թէ՛ հայրենիքի եւ թէ Սփիւռքի մէջ:
ԱԶԵՐԻԱՀԱՃՈՅ ՓԱՇԻՆԵԱՆԸ
Գիւմրեցիներու այս պատգամին իմաստը, լուռ հրաւէրը աստիճան մը եւս շեշտուեցաւ, երբ նոյն օրը, վարչապետ կոչեցեալ Նիկոլ Փաշինեան փութաց պատռել Ատրպէյճանի կամակատարը ըլլալու իր դիմակէն խաւ մը եւս (եթէ տակաւին հոն դիմակ ու գաղտնիք տեսնող կայ), եւ հրապարակ եկաւ քաղաքական պատգամով մը: Մարդուկը յայտարարեց, որ այո՛ (Ատրպէյճանի պահանջին համաձայն), նոր Սահմանադրութիւն պիտի մշակուի եւ (Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պահանջին համաձայն), անոր մէջ տեղ պիտի չգտնէ Անկախութեան հռչակագիրը, որովհետեւ նման յղում կատարելով՝ Հայաստան ինքնիշխանութիւն պիտի չունենայ: Արդեօք դեռ հաւատացող կա՞յ, որ նման քայլեր համապատասխան չեն թուրք-ատրպէյճանական պահանջներուն…

Իմաստուն եւ կշռադատող հայը հարց պիտի տայ. այդ ո՞ր տրամաբանութեան հիմամբ կը կատարուի նման հաստատում (նման հարց տուողը կ՛ուզէ իշխանապետին մէջ տրամաբանութեան նշոյլ տեսնել): Պատասխանը յստակ է. եթէ մարդուն ուղեղին մէջ տեղադրուած են թրքական եւ ատրպէյճանական շահերո՛ւ տրամաբանութիւնը, թշնամիին ԲՈԼՈՐ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ իրականացման ի խնդիր գործելո՛ւ «յանձնառութիւնը»՝ նման քաղաքական մտածողութիւն ու կեցուածք կը գտնէ իր բացատրութիւնը: Եթէ ընթերցողս ալ պահ մը, մի՛այն ակնթարթ մը որդեգրէ նոյն մտածողութիւնը, փաշինեանական տրամաբանութիւնը պիտի նկատէ «հայրենասիրական», որովհետեւ պիտի սկսի մտածել ու դատել… թուրքի ու ատրպէյճանցիի ուղեղով:
Իրաւունք ունի՛ն ընդդիմադիրները, որոնք Փաշինեանի նորագոյն այս խոստովանութեան մէջ կը տեսնեն Արցախի եւ Ցեղասպանութեան գծով մեր բոլոր պահանջներէն հրաժարում, ճի՛շդ այնպէս՝ ինչպէս, կրկնենք, կը պահանջեն Թուրքիա եւ Ատրպէյճան: Ցեղասպանութեան 110ամեակի նախօրեակին, մարդը ասկէ աւելի պարզ ու յստակ բառերով կրնա՞յ ըսել հայութեան, թէ պէտք է մոռնալ մեր Դատը, իր բոլոր երեսներով ու փուլերով: Մոռացումի թելադրանքը միայն Արարատով եւ նման խորհրդանիշերով չէ սահմանափակուած, այլ կ՛ընդգրկէ ՄԵՐ ԱՄԲՈՂՋ ԴԱՏԸ, նոյնինքն ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ, որովհետեւ Անկախութեան հռչակագիրը՝ Արցախի տիրութեան ու Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան իր երեսներով, հիմքն է մեր վերանկախացած ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ, առանց այդ հիմերուն, պետութեան շէնքը փուլ կու գայ: Եւ հոս կարեւոր կը նկատենք անգամ մը եւս շեշտել, որ պետութիւն, պետականութիւն հասկացութիւնները համազօր չեն իշխանութեան, վերջինը գնայուն է ու փոփոխական, իսկ պետութիւնն ու պետականութիւնը՝ գերիվեր ու մնայուն արժէքներ են:
Այս մօտեցումով ալ, եւ լսելէ ետք Փաշինեանի (եւ այլոց նոյնիմաստ) խոստովանութիւնները, մեր ժողովուրդը, ներառեալ… փաշինեանասէրները կոչուած են քանդելու իշխանաւորներու ստապատիր քարոզչութեան շղթաները, տեսնելու, թէ ՔՊականները ինչպիսի՜ խաբէութեամբ կը փորձեն հաւասարութիւն դնել ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ եւ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ հասկացութիւններուն միջեւ, որպէսզի այդ յերիւրանքին ետին թաքցնեն ո՛չ միայն իրենց ձախողութիւնները, նահանջները, այլեւ արդարացնեն իրենց «ազգընտիր մանտադակիր» ըլլալը:
Այս վարչախումբը պէտք է անյապաղ հասցնել իր մայրամուտին, նոյնինքն ՔՊականները պէտք է տեսնեն, որ իրենց «պոս»ը լիովին ու անվերապահ գործակիցն է թշնամիին, ապա՝ յանցաւորները նստեցնել ամբաստանեալի աթոռին, ենթարկել արդար դատավարութեան, որպէսզի վերաբացուի մեր Դատին հետապնդման ուղին:
…Քանի մը օր ետք, Ս. Յարութեան տօնին, մեր եկեղեցիներուն մէջ պիտի երգուի «Այսօր յարեաւ ի մեռելոց փեսայն անմահ…» շարականը: Մեր «անմահ փեսան» մեր Դատն է ու անվիճելի իրաւունքը: Թէքէեանի բառերով՝ «Ահաւոր բան»ը այլեւս մութին մէջ չի կատարուիր:
16 Ապրիլ 2025