ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ

Հայոց Ցեղասպանութեան վկայագրութիւններու ծիրին մէջ կ՛իյնան նաեւ ոչ հայեր ականատես վկաներու պատումները, որոնք յուշագիրքերու վերածուած ու տարածուած են աշխարհով մէկ, օտար լեզուներով ու յատկապէս՝ անգլերէն: Ամերիկացի միսիոնարուհի Հելեն Տեւընփորթ Կիպընզ եւ ամուսինը Տարսոն գտնուած են հայոց դէմ գործուող խժդժութիւններու դժնդակ օրերուն: Հետագային Հելեն իր բոլոր տեսածներն ու լսածները գրի առնելով՝ հրատարակութեան տուած է «Տարսոնի Կարմիր Գորգերը» խորագիրով յուշագրութեան մէջ («Տիր» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2015, միջակ չափի 200 էջ եւ Helen Davenport Gibbons, The Red Rugs of Tarsus, Century Co. publication, New York, 1917):
Ականատես վկայագրողը՝ ամերիկացի լրագրող, հասարակական գործիչ եւ յուշագրող Հելեն Տեւընփորթ Կիպընզ (1882-1960), 1908ին ամուսնացած է Հըրպըրթ Էտըմզ Կիպընզ ի հետ եւ ամերիկեան միսիոնարական կազմակերպութեան հետ բարեսիրական ու կրթական գործերով Տարսոն մեկնած: Հելեն ականատես եղած է 1909ի Կիլիկիոյ աղէտին: Ան իր տեսածներն ու լսածները նամակով յայտնած է իր մօր՝ Էմիլի Մայըրին: Այդ յուշ-նամակներուն մեծ մասը 1917ին հրատարակուած է գրքոյկով մը՝ անկէ ամերիկեան մամուլին մէջ հատուածներ հրատարակելէ ետք: Հելեն Կիպընզ ի յուշ-նամականիին ամերիկեան մամուլը 1917ին եւ անկէ ետք ուշադրութեամբ արձագանգած է:
Յուշագրութեան հեղինակը երկար ժամանակ տատամսած է հրատարակութեան հարցով: Այս մասին ան կ՛ըսէ. «Այնուամենայնիւ, հայերի նկատմամբ նրանց իսկ տառապանքներից ծնուած կարեկցանքս պէտք էր ինչ-որ կերպ արտայայտուէր: Ահա թէ ինչո՛ւ եմ վերակենդանացրել այն հին ու դեղնած նամակները, որոնք այդ տառապալից ժամանակներում Տարսոնից ուղարկել եմ մօրս»:
Հելեն Կիպընզ եւ ամուսինը Միացեալ Նահանգներէն Տարսոն կը մեկնին ոչ իբրեւ միսիոնար, այլ՝ Տարսոնի Սէյնթ Փօլ քոլեճի տնօրէն դոկտ. (Թամըս, Յ.Ի.) Տէյվիտսըն Քրիսթիի հրաւէրով՝ հոն հաստատուած միսիոնարներուն ծառայութիւններ մատուցելու, մէկ տարուան համար:
Հեղինակին՝ իր մօր ուղղուած առաջին քանի մը նամակները անձնական բնոյթ ունին եւ կը խօսին առօրեային ու կենցաղային հարցերու մասին:
Հելեն Կիպընզ իր մօր հասցէագրած 14 Ապրիլ 1909 թուակիր նամակին մէջ կը գրէ. «Վատ բաներ կը կատարուին Ատանայում: Կոտորած էր սկսւում: Երեք-չորս հայ կին են սպաննուել: Այսօր առաւօտեան քաղաքից անմիջապէս դուրս գտնուող խաղողի այգիներում սկսուել է մարդասպանութիւնը»: Նոյն օրը, երբ Հելեն թէյ կը խմէր իր բարեկամուհիին տան մէջ, քանի մը հայ կիներու բերնէն կը լսէ անոնց տառապանքին պատմութիւնը: Կիները մտահոգութիւն կը յայտնէին գալիք օրերու անորոշութեան, պատահող դէպքերու եւ իրենց զաւակներուն ապահովութեան համար: Հայուհիներէն մէկը իր զաւակին համար ապաստան կը խնդրէ ամերիկեան միսիոնարութեան դպրոցին մէջ:
Զատկուան արձակուրդի օրերն էին եւ Տարսոնի քոլեճի հայ տղաքը ամէն մէկը իր գիւղը գացած էր: 14 Ապրիլին, կէսօրէ ետք, Տարսոնի փողոցներուն մէջ պահակագունդեր կը շրջին: Այս մասին Հելեն Կիպընզ կ՛ըսէ. «Մեզ ասում են, թէ այդպէս են վարւում մարդկանց հանգստացնելու համար: Անկարգութիւններն ակնառու են»:

Յաջորդ օրուան՝ Հինգշաբթի, 15 Ապրիլ 1909 թուակիր նամակով Հելեն կը գրէ. «Այսօր առաւօտեան դպրոցի ճաշարանում հաւաքուել էր ամբողջովին հայերից բաղկացած մի խումբ: Նրանք մեզ են նայում պաշտպանութեան, ուտելիքի եւ ապաստանի ակնկալիքով: Այդ մարդիկ ահաբեկուած են, որի համար, անկասկած, պատճառ ունեն: Ինչպէ՞ս կը ցանկանայիր ապրել մի երկրում, երբ իմանայիր, որ քո կառավարութիւնը ոչ միայն քեզ չի պաշտպանելու, այլեւ պարբերաբար հրահրելու է քո հարեւաններին՝ կողոպտելու եւ սպաննելու քեզ բանակի օգնութեամբ»:
Հելենենց տան յոյն ծառան՝ Սոկրատը, այդ օրը կայարան կ՛երթայ ստուգելու համար, թէ Հելենին ամուսինը՝ Հըրպըրթ, Ատանայէն եկա՞ծ է, թէ՞ ոչ: Սոկրատ տակնուվրայ վիճակով կը վերադառնայ՝ ըսելով. «Ամբողջ Ատանան այրւում է»: Կայարան հաւաքուած խաժամուժը Սոկրատի կառքը գողցած էր, ու ան ոտքով վերադարձած էր տուն: Իսլամ խառնամբոխը միսիոնար Հենրի Իմըրի ձին ալ գողցած էր:
Քիւրտ երիտասարդներ կու գան եւ կ՛առաջարկեն միսիոնարութեան դպրոցի շէնքին առջեւ պահակախումբ զետեղել: Դոկտ. Քրիսթի, Մայնըր Ռաճըրզ եւ Հըրպըրթ Կիպընզ Ատանա կը գտնուէին: Քիւրտերը աւազակներու տեսք ունէին: Տիկին (Քարմելայթ, Յ.Ի.) Քրիսթին կտրականապէս կը մերժէ անոնց առաջարկը՝ անմիջապէս գիտակցելով, որ անոնց «ապահովական ծառայութեան» նպատակը հայերը հետապնդելն ու անոնց վնասելն էր: Մինչեւ այդ օրը հարիւր հայեր ապաստանած էին միսիոնարութեան դպրոցը:
Տարսոնի կայարանին մէջ թուրքերը անմեղ հայեր կը սպաննեն: Կառավարութիւնը թուրք եւ քիւրտ պաշըպոզուքներուն զէնք կը բաժնէ:
Ուրբաթ, 16 Ապրիլ 1909ին Տարսոնի մէջ հրացանաձգութեան ձայներ կը լսուին: Հայերը, սարսափահար, իրենց տուներէն դուրս կը վազեն ապահով տեղ գտնելու յոյսով: Միսիոնարներուն շէնքին ննջարանները տասնեակներով հայ կիներ ու երեխաներ կը լեցուին: Շէնքին պարտէզն անգամ լեցուն էր ահաբեկուած հայերով: Պարտէզին մէջ յղի կին մը կը ծննդաբերէ: Ամէն մարդ իր հարազատը կամ սիրելին կը փնտռէր:
Միսիոնարներուն շէնքին մէջ կային մայր մը, դուստրը եւ գլուխէն վիրաւոր որդին. ընտանիքին հայրը զոհուած էր իրենց տան մէջ՝ իրենց աչքերուն առջեւ: Վիրաւոր տղուն շապիկը հօր արիւնով ներկուած էր: Անոր փոքր քոյրն ալ վիրաւորուած էր: Այդ օրուան ամէնէն սարսափելի դէպքը Հելեն Կիպընզ հետեւեալ ձեւով կը տեղեկագրէ. «Երկինքը շիկնել է կրակից: Հորիզոնի կէսը բոցերի մէջ է, այրւում է ամբողջ հայկական թաղամասը»: Միսիոնար Հենրի Իմըր հայ տղոց հետ հրշէջի դեր կը կատարէ: Սարսափահար հայերը խումբ առ խումբ կը խուժեն միսիոնարութեան շէնքը: Այդ օր անոնց թիւը չորս հազարի կը հասնի: Վկայողը մտահոգ է, որ՝ «Ամբոխի կատաղութիւնը կարող է մեզ վրայ յարձակման պատճառ դառնալ»: Հելեն իր աչքերով կը տեսնէ, թէ թուրքերը, իբր թէ հրդեհը մարելու պատրուակով, ինչպէ՛ս նաւթ կը սրսկեն կրակին վրայ:
Յաջորդ առտու, երբ Հելեն իր սենեակին պատուհանէն կը դիտէր միսիոնարներուն շէնքին մուտքը, իրարանցում եւ հրմշտոց կը տեսնէ: Կը պարզուի, որ թուրքերը հայերուն հաց կը վաճառէին տասնապատիկ գինով՝ շահագործելով իրենց իսկ ստեղծած կացութիւնը: Անոնք կը բղաւէին աչքածակ կերպարանքով:
Տարսոնի հայկական թաղերուն մէջ մէկ օրուան մէջ 800 տուն այրած էր: Ահաբեկուած հայեր տակաւին կու գային եւ ապաստան կը խնդրէին միսիոնարներէն: 17 Ապրիլ 1909ի կէսօրին, տառապալի ճամբորդութենէ մը ետք, դոկտ. Թամըս Քրիսթի եւ Հըրպըրթ Կիպընզ միսիոնարութեան շէնքը կը ժամանեն՝ գալով Ատանայէն: Հելեն իր մօր ուղղած 18 Ապրիլ 1909 թուակիր նամակին մէջ կը գրէ. «Զինուորները շարունակում են սպաննել միայնակ շրջող մարդկանց, յատկապէս՝ գիշերը»:
Սակայն Մերսինի նաւահանգիստը հասած էր բրիտանական «Սուիֆթշուր» ռազմանաւը եւ այդպիսով Մերսինի հայութիւնը կոտորածէ փրկուած էր:
Ռազմանաւին հրամանատարը Ատանա մեկնած էր մօտէն հետեւելու հարցին:
Վերադառնալէ ետք, հրամանատարը դոկտ. Քրիսթին եւ Կիպընզ ը Մերսին կը հրաւիրէ խորհրդակցելու համար: Հանդիպումէն ետք դոկտ. Քրիսթի վեց անգլիացի սպաներ միսիոնարութեան կեդրոնը կը հրաւիրէ: Միսիոնարներն ու սպաները Տարսոնի մէջ կը շրջին եւ թուրքերու գործած աւերներուն իրազեկ կը դառնան: Ըստ միսիոնարութեան ձեռքն անցած տուեալներուն, Տարսոնի մէջ 100, իսկ շրջակայ գիւղերուն մէջ 400 հայ զոհուած էր: Իսկ Ատանայի մէջ հայոց զոհերուն թիւը հազարներու կը հասնէր: Հրացանաձգութեան զոհ գացած էր միսիոնար Մայնըր Ռաճըրզ՝ թուրքերու փամփուշտով: Անոր կինը՝ Մերի Ռաճըրզ, քաջաբար դիմագրաւած էր ամուսնոյն կորուստը եւ հոգ կը տանէր ո՛չ միայն իր երեխային, այլեւ, միաժամանակ, ուրիշ, հայ երեխաներու:

Իր նամակներէն մէկուն մէջ Հելեն Կիպընզ հայոց հանդէպ իր հիացմունքը կ՛արտայայտէ, նշելով. «Երբեք չեմ կարող մտածել հայերի մասին՝ սիրտս չթաթախելով սիրոյ եւ հիացմունքի մէջ: Ինչպէ՞ս կարող են ամերիկացիներն ընդդիմանալ իրենց հաւատի համար մեռնելու քաջութիւն ունեցող մարդկանց օգնելու կոչին: Նրանց հասկանալու համար մարդ պէտք է նոյնչափ տառապի, յայտնուի այն դրութեան մէջ, որում հայերը դարաւոր կեղեքման են ենթարկուել թուրքերի կողմից: Մայրի՛կ, հայերը հերոսներ են, հերոսներու զաւակներ ու թոռներ»:
25 Ապրիլ 1909ին Հելեն եւ Հըրպըրթ Կիպընզ ները Մերսին կը մեկնին իրենց մէկ բարեկամին քով: Անոնք կը տեսնեն երկու նաւերու խարսխումը նաւահանգիստին մէջ: Օսմանեան բանակի երիտթուրք սպաներ ու զինուորներ ցամաք կ՛իջնեն՝ Կիլիկիոյ մէջ «կարգ ու կանոնը վերահաստատելու» պատրուակով: Նաւերը Պէյրութէն կու գային Կիլիկիա:
Այդ օրը կ՛իմացուէր նաեւ, որ Մահմուտ Շեւքեթ փաշային բանակը դէպի Կ. Պոլիս կը շարժէր: Սուլթան Ապտիւլ Համիտ գահընկէց եղած էր եւ անոր բանտարկուած եղբայրը՝ սուլթանական գահին բազմած: Սակայն ամէնէն ահռելին Ատանայի մէջ հայոց երկրորդ կոտորածն էր՝ առաջինէն աւելի սարսափելի:
Անգլիացիներուն խորհուրդով եւ անոնց ապաւինելով՝ հայերը իրենց զէնքերը յանձնած էին… Թուրք զինուորները Ատանայի ամերիկեան միսիոնարութեան շէնքերը կրակի կու տան եւ կը պարտադրեն պարպել ամերիկեան միսիոնարութեան օրիորդաց գիշերօթիկ վարժարանը:
Հելեն եւ Հըրպըրթ Կիպընզ ները Մերսինի կայարանը կ՛երթան Ատանայէն եկող իրենց ծանօթ մարդիկ գտնելու համար: Հելեն հայոց օգնելու հարցին մէջ կը քննադատէ Արեւմուտքին կեցուածքը: Ան կը նկատէ, որ Մերսինի նաւահանգիստին մէջ անգլիական, ֆրանսական, գերմանական, աւստրիական եւ իտալական ռազմանաւեր կանգ առած են հանդարտ կերպով: Այս մասին ան կը գրէ. «Պատուհանիցս տեսնում եմ ափից մէկ մղոն հեռաւորութեամբ երեւցող ռազմանաւերի կիսալուսինը: Խարիսխ գցած՝ հանգիստ կանգնած են: Մակոյկներն անընդհատ երթեւեկում են նաւերի ու ափի միջեւ: Այդ տարածութիւնը նրանց գործունէութեան սահմանն է»:
12 Մայիս 1909ին ամերիկեան «Մոնթանա» ռազմանաւը Մերսինի նաւահանգիստը կը հասնի: Քանի մը օր առաջ ամերիկեան ուրիշ ռազմանաւ մը՝ «Նորթ Քարոլայնա»ն, նոյն նաւահանգիստը խարիսխ նետած էր: Այս նաւերուն սպաները կը հաղորդակցին միսիոնարներուն հետ:
Յուշագիրին «Յաւելուած»ին մէջ ուշագրաւ են հետեւեալ իրողութիւնները.
– Պատուելի Հըրպըրթ Էտըմզ Կիպընզ կը զեկուցէ Ատանայէն: Ստորեւ կու տամ այդ զեկոյցին ամփոփումը.
«28 Ապրիլ 1909. նախորդ հինգ օրերուն ընթացքին Ատանա հայոց կոտորածներու թատերավայր եղած էր: Դէպքերուն սկիզբը Ատանայի շուկային մէջ հայերը իրենց վաճառատուներն ու խանութները փակելով՝ տուն կը փութան: Առտուան ժամը 11ին բազմութիւնը (Կիպընզ կ՛ակնարկէ իսլամ խուժանին եւ պաշըպոզուքներուն – Յ. Ի.) կը սկսի շուկային խանութները կողոպտել: Կիպընզ կ՛ըսէ. «Ատանայի ռազմական հրամանատարն իմ կողքին էր, երբ սկսուեց հրաձգութիւնը: Նա քաջութիւն չունեցաւ փորձելու ցրել ամբոխին, վերադարձաւ իր նստավայրը եւ երկու օր փողոց դուրս չեկաւ»:
Միսիոնարներ Ուիլիըմ Չէյմպըրզ եւ Հըրպըրթ Կիպընզ Ատանայի մէկ փողոցին մէջ դէմ դիմաց կու գան խուժանին եւ անոնց «քաջագործութիւններ»ուն ականատես կ՛ըլլան: Փոխանակ իրենց պաշտօնատեղին երթալու՝ ամերիկացի երկու միսիոնարները կ՛ուղղուին դէպի հեռագրատուն՝ Մեծն Բրիտանիոյ հիւպատոսը անցքերէն տեղեակ պահելու համար: Ճամբան անոնք երեք այլանդակուած հայու դիակ կը նկատեն: Երբ հեռագրատուն կը մտնեն, ջոլիրը անոնց ետեւէն հոն կը խուժէ եւ անոնց աչքերուն առջեւ երկու անմեղ հայ կը սպաննէ: Այս մասին Կիպընզ կ՛ըսէ. «Թշուառները վալիից կարեկցանք էին աղերսում, երբ հարուածներից գետին էին տապալւում»: Խուժանէն սարսափած երկու միսիոնարները վալիին սենեակը կը մտնեն՝ իրենց անձերուն համար վալիէն ապահովութիւն աղերսելով: Վերջինս անոնց կ՛ըսէ, որ իրենց ապահովութեան համար ոչ մէկ բան կրնար ընել:
Այդ օրը մինչեւ կէսօր թուրքերը հայկական թաղամասին վրայ կը յարձակին: Կէսօրէ ետք հայերը կը յաջողին յարձակումը ետ մղել: Մեծն Բրիտանիոյ հիւպատոսը՝ մէյճըր (հազարապետ, Յ. Ի.) Տաութի Ուիլի Ատանա կը ժամանէ եւ իր կեդրոնատեղին կը հաստատէ յոյն հարուստի մը ապարանքին մէջ, ուր հարիւրաւոր հայեր ապաստանած էին: Թուրքերը շուկաները կողոպտած ու հրդեհած էին: Ամէն կողմէ հրացանաձգութիւն կը լսուէր: Կիպընզ կը գրէ. «Շրջակայ բնակավայրերու մահմետականները սկսեցին քաղաք լցուել, եւ չնայած բուռն բողոքներին, վալին զէնք բաժանեց այդ մարդկանց՝ պնդելով, որ նրանք թուրք պահեստազօրայիններ էին»:
Մեծն Բրիտանիոյ հիւպատոսը ստիպած էր վալիին, որ իրեն զօրամասեր տրամադրէ: Հիւպատոսը անոնցմով արգելք կը դառնայ թուրք գիւղացիներուն քաղաք մուտքին. աւելի ուշ, երբ ան կը փորձէ կռուողները հանդարտեցնել, կը վիրաւորուի:
Ատանայէն Տարսոն 250 հոգինոց օսմանեան պահեստի ուժ մը կը ղրկուի, որպէսզի հայկական թաղերուն վրայ յարձակի: Թուրքերը կրակի կու տան Տարսոնի հայկական եկեղեցին՝ «Տարսոնի հոյակապ հայկական հնագոյն եկեղեցին՝ քաղաքին ամենակարեւոր շինութիւնը», կը գրէ Կիպընզ :
Թուրքերը նաեւ Տարսոնի մարմարեայ արձանները կը փշրեն եւ պատմական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող յուշատախտակները կը քանդեն:
Պէյրութ